«Հասած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութիւնը Լուծելու Ժամանակը» Կ՛Ըսէ Վեսթերվելէ

Կուիտօ Վեսթերվելէ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելէ Պաքուի մէջ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ` «հասած է ժամանակը` լուծելու այս հակամարտութիւնը, որ տարածաշրջանի զարգացման եւ խաղաղութեան հաստատման համար խոչընդոտ է»:

Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը յիշեցուցած է, որ Գերմանիան կը վստահի եւ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին: Ըստ անոր, Գերմանիա առաջատար դեր խաղացած է Պրիւքսելի մէջ` ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան ներգրաւուածութեան ամրապնդման իմաստով: Իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին հարցերով խորհուրդի կայացուցած եզրակացութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի լիազօրութիւնը լաւ հիմք կը հանդիսանան` այդպիսի մասնակցութեան:

Կուիտօ Վեսթերվելէ անդրադարձած է նաեւ «Եւրոտեսիլ» երգի մրցումին` Ազրպէյճանին խորհուրդ տալով զայն օգտագործել ցոյց տալու համար, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ Եւրոպայի աւելի մօտ ըլլալ եւ կ՛ուզէ կիսել եւրոպական արժէքները, նաեւ` մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտին մէջ:

Անդրադառնալով «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրին` նախարարը նշած է, որ անիկա արդէն ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը: «Ի հարկէ, մենք կ՛ակնկալենք, որ մեր գործընկեր պետութիւնները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը աւելի աշխուժ մասնակցութիւն ունենան ծրագիրին: Եւ ակնյայտ է, որ այդ համագործակցութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ եւրոպական արժէքներու եւ չափանիշներու վրայ», ըսած է Վեսթերվելէ:

Յիշեցնենք, որ 16 մարտին Վեսթսերվելէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով Հայաստան պիտի այցելէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES