«2006-Ին Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Պատերազմին Զօրակցող Կողմերն Են, Որ Այսօր Կը Զօրակցին Սուրիոյ Դէմ Պատերազմին» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Անտոնեան հայրերու հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած երիտասարդական-ուսանողական հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ամէնէն դժուար օրերուն իսկ լիբանանեան բանակը չէ բաժնուած: Ան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը այս կամ այն ճնշումներէն չ՛ազդուիր` աւելցնելով, որ 2006-ին Լիբանանի դէմ սանձազերծուած պատերազմին զօրակցող նոյն կողմերն են այսօր, որոնք կը զօրակցին Սուրիոյ դէմ պատերազմին:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ հարկ է լաւ ըմբռնել Իսլամ եղբայրներուն քաղաքականութիւնը եւ ապա որոշում տալ, եւ ո՛չ թէ փակ աչքերով համաձայնիլ անոնց իշխանութեան:

Այս շրջագիծին մէջ զօր. Աուն յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ միջազգային յարձակում կը գործուի եւ ոչ թէ սուրիական վարչակարգին դէմ յեղափոխութիւն կը կատարուի:

Զօր. Աուն դիտել տուաւ, որ ինք մնայուն կերպով պիտի պարտադրէ բարեկարգումը եւ պիտի դիմադրէ փտածութեան դէմ:

Ան հաստատեց, որ 14 մարտը հասկնալու համար, պէտք է հասկնանք տագնապը բաղկացնող տարրերը եւ ապահովական մթնոլորտը, որոնք 14 մարտը վերածեցին տագնապին պարտադիր անցքի:

Share this Article
CATEGORIES