Ամին Ժեմայէլ Ընդունեց Իրաքի Դեսպանը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Օմար Պարազանժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք դեսպանը Իրաքի յանձնառութիւնը յայտնեց Արաբական լիկայի որոշումներուն գծով` շեշտելով, որ իրեն համար շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Արաբական Լիկայի տարեկան վեհաժողովը Իրաքի մէջ գումարելու իրականութիւնը:

Պարազանժի Ժեմայէլի յանձնեց Իրաքի նոր դրօշը, որուն վրայ նախապէս գտնուող աստղերը այլեւս գոյութիւն չունին, պահելով հանդերձ իր նախկին գոյները եւ «Լա իլահա իլլա ալլահ» արձանագրութիւն, միակ տարբերութեամբ, որ յետայսու անիկա Սատտամ Հիւսէյնի ձեռագիրը չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES