Մայրիներու Յեղափոխութեան 7-Ամեակին Առիթով` Մարտ 14-Ի Քաղաքական Ուժերը Յայտարարեցին Քաղաքական Փաստաթուղթ Մը

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ «Պիէլ»ի մէջ նշեցին Մայրիներու յեղափոխութեան 7-ամեակը, որուն ընթացքին անոնք յայտարարեցին` «2005-ի անկախութեան ինթիֆատայէն 2012-ի խաղաղութեան ինթիֆատան» խորագիրը կրող քաղաքական փաստաթուղթ մը:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրենք կ՛երազեն արժանապատիւ, ազատ, գերիշխան, ապահով եւ անկախ, ինչպէս նաեւ հաստատութենական եւ բարգաւաճ Լիբանանի կերտումին մասին:

Հարպ ընդգծեց, որ հարկ է կերտել Լիբանան մը, որուն պատասխանատուները իրենց անձնական շահերուն մասին չեն մտածեր, այլեւ` երկրին շահերուն:

«Մենք կը փափաքինք նաեւ կերտել Լիբանան մը, ուր ոչ մէկ լիբանանցի զոհ կ՛երթայ ուրիշ լիբանանցիի մը շահերուն», ըսաւ Հարպ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ 2005-ի Մայրիներու յեղափոխութենէն ծնած է արաբական երկիրներու գարունը:

«Մենք կը փափաքինք, որ արաբական աշխարհին մէջ արաբական գարունը ըլլայ նոր հանգրուան մը եւ արաբ քաղաքացին մղէ ըլլալու իրաւունքի եւ բարգաւաճման ջատագովներէն մէկը», ըսաւ Ժեմայէլ:

Երեսփոխան Միշել Ֆարաոն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի շարժումին 7-ամեակին առիթով մենք կ՛երազենք յարգել հանրապետութեան արժէքները` ամրապնդելու համար միջազգային որոշումներն ու ազգային ապահովական կայունութիւնը:

«Մեր երազն է կերտել Լիբանան մը, որ Իսրայէլի հակապատկերն է, եւ ուր կը յարգուին համայնքային հաւասարակշռութիւնները: Կը փափաքինք Լիբանանը տեսնել վայր մը, ուր Ապահովութեան խորհուրդին տուած որոշումները յարգուած են», ըսաւ Ֆարաոն:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մաղթեն ունենալ երկիր մը, ուր բոլոր քաղաքացիները հաւասար են, եւ ուր կը յարգուի բոլոր քաղաքացիներուն կարողութիւնները:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը մինչեւ Մայրիներու յեղափոխութեան բոլոր նպատակներուն իրականացումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES