Պըրրի Կոչ Ուղղեց Արմատական Լուծման Յանգելու` Փճացած Սննդամթերքի Հարցով
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ` չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին քննարկեց խորհրդարանի գումարելիք վաղուան օրէնսդրական նիստը` նկատել տալով, որ անոր ընթացքին պիտի քննարկուի կարեւոր կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխանները շեշտեցին, որ Պըրրի յատուկ կերպով անդրադարձած էր Լիբանանի մէջ փճացած միսերու եւ սննդամթերքի թղթածրարին արմատական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութեան եւ հաստատած է, որ կարելի չէ այդ իմաստով թուլամորթ գտնուիլ:
Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց` ամէն գետնի վրայ փտածութեան դէմ պայքարելու:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընկերային հարցերը եւ լիբանանցիին լաւագոյնս ծառայելու համար առկայ առաջնահերթութիւնները:
Ժրայսաթի յայտնեց, որ ինք յանձնառու պիտի մնայ լիբանանցիներուն հարցերը լուծելու առումով:
