ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՌՈՄԱՆ ԱՄՈՅԵԱՆ` ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, 55 քկ դասակարգի մրցումներուն Ռոման Ամոյեան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Աւարտականին հայրենի ըմբիշը յաղթեց Ուքրանիան ներկայացնող Վուկար Ռահիմովի:
Նախքան ուքրանացիին յաղթելը, Ամոյեան յաջորդաբար յաղթեց Լաշա Կոկիտածէի (Վրաստան), Վալերի Պորքոյաքովի (Ռուսիա) եւ Էլտանըզ Ազիզլիի (Ազրպէյճան):
Ոսկի մետալէն բացի, Հայաստան յաջողեցաւ տիրանալ նաեւ երկու պրոնզ մետալներու: 84 քկ դասակարգին մէջ Արթուր Շահինեան, իսկ 120 քկ դասակարգին մէջ Եուրի Պատրիկէեւ պրոնզ մետալներ ապահովեցին Հայաստանին:
CATEGORIES Մարզական