ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԶՈՀԵՐ ԵՒ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԱՆ
Երէկ երկու եմէնցիներ սպաննուեցան եւ հարիւրաւոր ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ ոստիկանութիւնը Թայիզի մէջ ոչ միայն արցունքաբեր կազ արձակեց եւ մահակներ օգտագործեց, այլ նաեւ կրակ բացաւ` ցրուելու համար նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի դէմ ցոյց մը: Վերջինս կոչ ուղղեց շաբաթներէ ի վեր ընթացող ցոյցերուն վերջ տալու:
Ոստիկանութիւնը զրահապատ մեքենաներով շրջապատեց ցուցարարները եւ երեք ժամ շարունակ արցունքաբեր կազ արձակեց եւ օդը կրակեց` ցրուելու համար ցուցարարները: Ըստ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, արձանագրուած են 900 վիրաւորներ:
Սալեհ Թայիզէն այցելող համակիրներու առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ «ընդդիմութեան կոչ կ՛ուղղենք տագնապին վերջ տալու` վերացնելով նստացոյցերը, անցարգելները եւ ահաբեկումները. անոնք նաեւ պէտք է վերջ տան կարգ մը զօրաբաժիններու մէջ ըմբոստութեան կացութեան»: Ան աւելցուց, որ «մենք պատրաստ ենք իշխանութեան փոխանցումը քննարկելու, սակայն խաղաղ եւ սահմանադրական ծիրի մը մէջ»:
Սալեհի ղեկավարած իշխող կուսակցութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ տակաւին չէ ստացած իշխանութեան փոխանցման ընդդիմութեան այն ծրագիրը, ըստ որուն Սալեհ իշխանութիւնը կը փոխանցէ փոխնախագահին, մինչ ազգային միասնականութեան կառավարութեան եւ նոր ընտրութիւններու պատրաստութիւններ տեղի կ՛ունենան: