ԱՍԱՏ ԱՏԵԼ ՍԱՖԱՐԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ
Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրամանագիր մը հրապարակելով` հրաժարեալ սուրիական կառավարութեան երկրագործութեան նախարար դոկտ. Ատել Սաֆարը նշանակած է վարչապետ` անոր վստահելով նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը:
«Սանա» նաեւ կը հաղորդէ, որ Ասատ խոստացուած բարեփոխումներուն ծիրին մէջ հրապարակած է այլ հրամանագիր մը` հրամայելով ստեղծել առողջապահութեան ապահովագրման պետական ընկերութիւն մը:
Միւս կողմէ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ արտակարգ դրութիւնը ջնջելու հարցը քննարկող յանձնախումբը կրնայ իր աշխատանքը աւարտել ճշդուած պայմանաժամէն առաջ:
Նշենք, որ «Սանա» հաղորդած էր, որ յանձնախումբին աշխատանքները պիտի աւարտին 25 ապրիլին:
CATEGORIES Միջազգային