ՄԻՆՉ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ՊՐԻՔԱՆ ԿԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵՆ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ «ՏԱԳՆԱՊԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ» ՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ

Լիպիացի ըմբոստները կը կազմակերպուին

Լիպիացի ըմբոստներ իրենց լաւագոյն ուժերը մղեցին Պրիքայի ճակատամարտին, մինչ արեւմտեան օդանաւեր անոնց վերեւ թռիչքներ կատարեցին եւ պայթումներու ձայներ լսուեցան:

Ըմբոստները իրենց ուժերը կազմակերպելու փորձով մը «տագնապի յանձնախումբ» մը կազմեցին` Լիպիոյ նախկին ներքին գործոց նախարարը նշանակելով սպայակոյտի պետ: Պրիքայի մօտ կիրակի օր ըմբոստներուն կարգապահութիւնը արդէն նշմարելի էր: Կարգապահ ուժերը ստանձնած էին ճակատի առաջին գիծը, իսկ անկարգապահ կամաւոր ուժերն ու լրագրողները ճակատէն քանի մը քիլոմեթր հեռու պահուած էին: Ըմբոստները նաեւ ճակատ մղած են աւելի ծանր զէնքեր:

Քաղաքական գետնի վրայ, ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Ապտել Հաֆիզ Ղոկա «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ըմբոստներու շարժումը կ՛ուզէ վարչակարգի տապալումէն ետք երկրին մէջ խորհրդարանական ժողովրդավարութիւն հաստատել: Ըստ անոր, Մոամմար Քազզաֆիի տապալումէն ետք հաստատուելիք կառավարութիւնը պիտի մերժէ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան բոլոր տարբերակները:

«Լիպիացիները ընդհանրապէս, եւ ես ալ անոնցմէ մէկն եմ, քաղաքային ժողովրդավարութիւն մը կ՛ուզեն, ո՛չ  բռնատիրութիւն, ո՛չ ցեղախմբապաշտութիւն եւ ո՛չ ալ բռնարարքի եւ ահաբեկչութեան վրայ հիմնուած վարչակարգ մը», ըսաւ ան:

Ղոկա նշեց, որ խորհուրդին ներկայ առաջնահերթութիւնը արտասահմանի մէջ ըմբոստներուն նկատմամբ զօրակցութիւնը ամրապնդելը եւ ըմբոստ ուժերու կազմակերպուածութիւնը բարելաւելն է: Ան յայտնեց, որ Քազզաֆիի հետզհետէ աճող միջազգային մեկուսացումը, միջազգային ուժերու միջամտութիւնը եւ ըմբոստներու բարելաւուած մարտական կարողութիւնը կը նշանակէ, թէ Քազզաֆիի հեռացումը «օրերու հարց է»:

Մինչ այդ, յոյն պաշտօնատար մը նշեց, որ Լիպիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ապտել Աթի Օպէյտի Աթէնք հասած է` իրեն հետ բերելով Քազզաֆիէն պատգամ մը: Մամլոյ տեղեկութիւններ հաղորդեցին, որ ան ցամաքի ճամբով Թունուզ անցած է, ապա օդանաւով Յունաստան մեկնած:

 

Share this Article
CATEGORIES