50 Տարի Առաջ ( 16 մարտ 1962 )
Լուրեր Կիրակնօրեայէն
Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցները փետրուար ամսուան ընթացքին հետեւեալ յաջողութիւնները ձեռք ձգեցին.-
1.- Վարդան վարդապետ անդամ ընտրուեցաւ օտար եկեղեցիներու կողմէ կազմուած մանուկներու կրօնաբարոյական յանձնախումբին: Սոյն յանձնախումբը հովանաւորուած է Սուրբ Գրային երկիրներու քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդէն, որ իր վերջին համաժողովը գումարեց 16 փետրուար 1962-ին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարիչ-տնօրէնը, դպրեվանուց տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեանի հետ:
2.- ՀԵԿԴՕՄ-ի անդամական Ա. խորհրդակցական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ 25 փետրուարին, կիրակի, երեկոյեան ժամը 4:00-ին: Սոյն հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան 40 անդամներ, որոնց կարգ մը էական մանրամասնութիւններ տրուեցան ՀԵԿԴՕՄ-ի եւ հեկդօմականի մը ունենալիք կեանքին մասին` Վարդան վրդ. Տեմիրճեանին կողմէ: Հայր սուրբին կողքին միութեան ատենապետ Սարգիս Փարթամեան եւս բացատրեց օրուան հաւաքոյթին շարժառիթները:
3.- Լիբանանի Կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդին կողմէ, ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ տօնին առիթով, կազմակերպուեցաւ յատուկ հաւաքոյթ մը, 4 մարտ 1962-ին, կիրակի երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Նոր Մարաշի «Գարակէօզեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան կը նախագահէր վարիչ-տնօրէն Վարդան վրդ. Տեմիրճեան: Շուրջ 150 անդամներ ներկայ գտնուեցան կիրակնօրեաներու բոլոր յանձնախումբերու եւ ուսուցչական կազմերու կողմէ: Բացումը կատարեց Արամ Գարագաշեան (խորհուրդի ատենապետ). ապա խօսք տրուեցաւ Արշակ Գալենտերեանին (Կ. Դ. խորհուրդին կողմէ), Սարգիս Համպոյեանին (ՀԵԿԴԱՄ-ին կողմէ), Խորէն Ա. քհնյ. Աճեմեանին եւ տոքթ. Յարութիւն Սալըրեանի: Հանդիսութեան աւարտին նախագահ հայր սուրբին եւս խօսք տրուելով` շնորհակալութիւն յայտնեց ցարդ իրեն գործակից բոլոր բարեկամներուն, նշեց, թէ ժամանակը խօսքէ աւելի աշխատանքի կը կարօտի` նոր արդիւնքներու ստեղծումին համար: Թուեց այն բոլոր իրագործելի ծրագիրները, որոնք յառաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին պարտ էին իրականանալ, որոնց կարգին` կիրակնօրեաներու տան մը վարձումը, «ԴՐԱԶԱՐԿ»-ի արտօնագրի ստացման կարգադրութիւնը, ծաղկաքաղի եւ յայտագիրներու գիրքին հրատարակութեան նախաձեռնութիւն, ՀԵԿԴՕՄ-ի նոր մասնաճիւղերու հաստատում Թրիփոլիի, Այնճարի եւ Պէյրութ Էշրեֆիէի թաղին մէջ, ինչպէս նաեւ` ամառնային ուսուցչական համագումարի նախապատրաստութիւններ: Ներկաներ մեծապէս խանդավառուեցան այս յայտարարութիւններէն: Հանդիսութեան Բ. մասին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն կիրակնօրեաներու նախկին վարիչ-տնօրէններէն Լեւոն Ա. սրկ. Զենեանի (Հիւսիսային Ամերիկա) նիւթական նուիրատուութեամբ:
Նախագահ հայր սուրբին պահպանիչ աղօթքով հանդիսութիւնը վերջ գտաւ:
ՎԱՐԻՉ-ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
5 մարտ 1962, Անթիլիաս
Օգնութեան Խաչի Զահլէի
Մասնաճիւղին Գործունէութիւնը
ԼՕ Խաչի Զահլէի մասնաճիւղին վարչութիւնը ունեցաւ բեղուն տարի մը: Վերջերս միայն, երկու ամսուան ընթացքին կազմակերպած էր երեք հանդիպումներ:
Առաջինը` 1962 յունուար 15-ին, Ծնունդի առթիւ, տէր եւ տիկին Քիւրիւմլեաններու բնակարանին մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան 70 անդամուհիներ: Ներկաները հաճելի անակնկալի առջեւ գտնուեցան` վայելելով խնամուած յայտագիր մը: Եղան արտասանութիւններ, մեներգներ եւ բանախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Հայ կնոջ պայքարը թրքախօսութեան դիմաց»: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:
Երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ մարտ 1-ին, Շթորայի մէջ, Վարդանանց տօնին առթիւ: Պատարագեց Եզնիկ վրդ. Բալայեան եւ քարոզեց օրուան պատշաճ գեղեցիկ քարոզ մը: Հայր սուրբը կէսօրին հիւրը եղաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի տիկին Պիլեզիկճեանին:
Մարտ 4-ին, Բարեկենդանի առթիւ, Օգնութեան խաչի վարչութեան հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ արծուիկներու անդրանիկ հանդէսը: Կոկիկ բազմութիւն մը ներկայ էր: Պէյրութէն յատկապէս եկած էին արծուիկներու ընդհանուր վարիչ Սեդա Սարեան, Էշրեֆիէի արծուիկներու վարիչ Շաքէ Ալտրմշեան եւ Հայաշէնի վարիչ Արշակուհի Տէր Խաչատուրեան: Հանդէսը ձեռնհասօրէն վարեց մասնաճիւղի քարտուղարուհին` Մարի Քէշիշեան:
Հանդէսը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց` շնորհիւ տարուած աշխատանքներուն:
Յաջողապէս ներկայացուեցաւ «Բարեկենդանի անկուտիները»: Եղան` նուագ, արտասանութիւն, երգ, հայկական պար, ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը:
Ներկայ գտնուող ազգայիններէն Հաննա Գասարճեան, գնահատելով հայկական պարի յաջողութիւնը, 25 լ. ոսկի նուիրեց, որուն հետեւեցան ուրիշներ` յառաջացնելով կոկիկ գումար մը:
Արծուիկներու ընդհանուր վարիչ քոյր Սեդա Սարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ մասնաւորաբար նուիրատուներուն, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան արծուիկներու ձեռնարկներուն:
ԹՂԹԱԿԻՑ

