Ընկերային Հոգեբանութիւն. Կիներ Կը Զրկուին Արաբական Գարունէն

Անոնք Յառաջապահ Գիծի Վրայ Կը Գտնուէին Անցեալ Տարի, Արաբական Յեղափոխութիւններուն Ժամանակ: Սակայն Ներկայիս Անոնք Մտավախութիւն Կը Յայտնեն Իրենց Իրաւունքներուն Առնչութեամբ, Երբ Իսլամականներ Կը Քաղեն Ըմբոստութեան Պտուղները` Շահելով Եգիպտոսի Եւ Թունուզի Ընտրութիւնները Եւ Հետզհետէ Աւելի Ազդեցիկ Դառնալով Լիպիոյ Մէջ: «Ա. Էֆ. Փէ.» Կը Ներկայացնէ Կիներուն Դիմագրաւած Նոր Նահանջը:

Թունուզի մէջ տիրական է իսլամական Ըննահտա կուսակցութիւնը: Անիկա կը ձգտի ամրապնդել անհատի կարգավիճակի վերաբերող օրէնքը, որ կ՛արգիլէ բազմակնութիւնը եւ թունուզցի կիներուն կը շնորհէ շրջանին մէջ անզուգական իրաւունքներ` զանոնք հաստատելով իբրեւ հիմնական օրէնք:

Նման օրէնքի մը փոփոխութիւնը կը պահանջէ խորհրդարանի քուէներուն երկու երրորդ համեմատութիւնը:

Սակայն վերջերս իսլամական շարիայի օրէնքը ներառելու առնչութեամբ Սահմանադրական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն միջեւ ծագած վէճեր մտավախութիւն կը պատճառեն կիներուն եւ ազատական կուսակցութիւններուն, որոնք մտահոգ են կիներու իրաւունքներու նահանջով:

Եգիպտոսի մէջ, ուր իսլամականներ գերիշխող ներկայութիւն դարձան խորհրդարանական եւ ծերակուտական ընտրութիւններէն ետք, խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայութեան համեմատութիւնը 12 առ հարիւրէն իջաւ 2 առ հարիւրի: Անտեսուեցաւ կիներուն առնուազն 64 աթոռ տալու օրէնքը:

«Այժմ կիներ կը դիմագրաւեն հանրային կեանքէն զանցառուելու վտանգը, ինչպէս նաեւ`  ծայրայեղական խմբաւորումներու եւ ապահովական ուժերու կողմէ ի գործ դրուած խտրականութեան եւ բրտութեան արարքներ, որոնք պիտի բազմանան անպատիժ մնալու պատճառով», կ՛ըսէ Մարդկային իրաւունքներու միջազգային դաշնակցութեան կողմէ հրապարակուած տեղեկագիր մը:

Թունուզի մէջ կարգ մը ուսուցչուհիներ հալածանքի ենթարկուած են լաչակ չկրելու պատճառով:

Եգիպտոսի մէջ կին ցուցարարներ ենթարկուած են «կուսութեան քննութիւններու»` զինուորական իշխանութիւններուն կողմէ. արարք մը, որ ի գործ դրուած է զանոնք ստորնացնելու նպատակով, ինչպէս կը վերլուծէ Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ:

Քուէյթի մէջ կիներու իրաւունքներու դատի պաշտպան Էպթեհալ Խաթիպ կ՛ըսէ, թէ Արաբական գարունի յեղափոխութիւններէն ետք իսլամականներու հզօրացումը` «ամէն բանէ առաջ ժխտական ներգործութիւն պիտի ունենայ արաբական աշխարհի մէջ կիներու դերին վրայ»:

«Երբ կրօնական խմբաւորումներ իշխանութեան կը հասնին, ամէնէն առաջ ժխտական անդրադարձներ կը կրեն կիները. ամէն բանէ առաջ անո՛նց վերաբերող հարցերն ու մտահոգութիւնները կը ծալուին եւ մէկ կողմ կը դրուին, մինչ իսլամական արեւելումով խորհրդարաններ ղեկավարութեան կը հասնին Միջին Արեւելքի մէջ», կ՛ըսէ ան:

Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրները, որոնց Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը գերիշխող ներկայութիւն է խորհրդարանին մէջ, կ՛ըսեն, թէ կին մը չի կրնար դառնալ երկրին նախագահը:

«Որեւէ օրէնք, որ կը համապատասխանէ շարիային, ողջունելի է: Այն, որ չի համապատասխաներ, անբաղձալի է», կ՛ըսէ Իսլամ եղբայրներու բանբեր Մահմուտ Կոզլան:

Լիպիոյ մէջ, ուր իսլամականներու դիրքը հետզհետէ կ՛ամրապնդուի տարիներու բռնատէր Մոամմար Քազզաֆիի տապալումէն ետք, երկրին ղեկավարը մտահոգութեան կայծ մը տուած է, երբ հրապարակած է յայտարարութիւն մը` իսլամական օրէնքին կարեւորութեան վերաբերեալ:

Այն օրը, երբ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ղեկավար Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլ ազատագրուած հռչակեց Լիպիան, ան յայտարարեց, որ շարիան պիտի մնայ օրէնքի գլխաւոր աղբիւրը, եւ թէ` պէտք է ջնջել որեւէ օրէնք, որ կը բռնաբարէ զայն. ան նշեց ամուսնութեան եւ ամուսնալուծումի վերաբերող օրէնքներ:

Լիպիոյ մէջ ընտրական նոր օրէնքի մը նախագիծը Սահմանադրական խորհուրդի աթոռներուն 10 առ հարիւրը կը վերապահէր կիներուն, սակայն այս որոշումը հետագային ջնջուեցաւ` զայրոյթ պատճառելով կիներու իրաւունքներու դատի պաշտպաններուն:

«Իսլամական կուսակցութիւնները մտավախութիւններ կը ստեղծեն», կ՛ըսէ կեդրոնաձիգ Ազգային կուսակցութեան մէկ ներկայացուցիչը` Ահլամ Հաժ:

Տեղեկագիրի մը մէջ, որուն ամբողջութիւնը պիտի հրապարակուի այս ամիս, Մարդկային իրաւանց միջազգային դաշնակցութիւնը կոչ կ՛ուղղէ շրջանի երկիրներուն` «իրենց սահմանադրութիւններուն մէջ սրբազան տեղ յատկացնելու տղամարդոց եւ կիներու միջեւ հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ` կիներու դէմ ամէն տեսակի խտրականութեան արգիլումին»:

Եգիպտոսի մէջ կիներու իրաւունքները կը նահանջեն նաեւ նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի վարչակարգին հետ անոնց ենթադրեալ կապին պատճառով:

«Նախկին վարչակարգը առիթ տուած էր կիներու իրաւունքներու հարցին արծարծումին` Կիներու ազգային խորհուրդին միջոցով, որ կ՛առնչուէր նախկին Առաջին տիկին Սիւզան Մուպարաքի հետ», կը բացատրէ կիներու իրաւունքներու պաշտպան եւ Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Ամինա Էլպենտրի:

«Հետեւաբար այս խորհուրդին կողմէ իրագործուած օրէնսդրական յաղթանակներ այժմ թիրախ կը դառնան նոր յարձակումներու, թէեւ անոնք արդիւնք են տասնամեակներ շարունակ կիներու իրաւունքները պաշտպանած եւ անոնց համար պայքարած անձերու ճիգին», կ՛ըսէ ան:

Էլպենտրի մտավախութիւն կը յայտնէ, թէ անհատի կարգավիճակի վերաբերող օրէնքներ, ինչպէս` այն օրէնքը, որ առիթ կու տայ կիներուն ամուսնալուծում պահանջելու նիւթական իրաւունքներէ հրաժարելու պարագային, վերատեսութեան պիտի ենթարկուին:

Կիներու իրաւունքներու պաշտպաններ նաեւ կը դիմագրաւեն այլ խոչընդոտ մը. պահպանողական կիներ կը վիճին, թէ «բազմաթիւ» իրաւունքներ շնորհելը կը հակասէ իսլամական կրօնին եւ ընկերային սովորութիւններուն:

«Կիներուն շնորհուած որեւէ թիւ պէտք չէ անցնի 20 առ հարիւրը», կ՛ըսէ Լիպիոյ մէջ կիներու վերաբերող աշխատանքային հանդիպումի մը մասնակիցներէն մէկը:

«Տունէն դուրս աշխատելու իրաւունքը հետապնդելը կը խանգարէ կիներուն առաքելութիւնը, որ ամէն բանէ առաջ զաւակ մեծցնել է եւ տան հոգալը», կ՛ըսէ ան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES