ՀՄԸՄ Անթիլիասի Ձիւնագնացութիւն

Մասնակցութեամբ 156 անդամներու, ինչպէս նաեւ 97 ծնողներու եւ բարեկամներու, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի սկաուտական խումբերու տարեշրջանի երկօրեայ ձիւնագնացութիւնը, շաբաթ 10 եւ կիրակի 11 մարտ 2012-ին, «Սան Սիթի» պանդոկին մէջ, Աժալթուն:

Ընտանեկան հարազատ մթնոլորտի մը մէջ տարազաւորներն ու ծնողները անցուցին հաճելի վայրկեաններ` ըմբոշխնելով խմբապետական կազմին ու սկաուտ խորհուրդին կողմէ պատրաստած ծրագիրը:

Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին արդէն իսկ բոլորը անհամբեր կը սպասէին «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ` բարձրանալու համար հանրաշարժերը եւ մեկնելու դէպի պանդոկ: Անջատ յայտագիրներ պատրաստուած էին թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ անդամներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր խումբ ունեցաւ միացեալ յայտագիր մը` ծնողներուն ընկերակցութեամբ:

Ժամը 5:00-էն սկսեալ արդէն իսկ բոլոր խումբերուն աշխատանքները ընթացքի մէջ էին: Ծնողներուն յայտագիրը բացուեցաւ զարգացման մրցումով մը, որուն մասնակցեցան նաեւ արի եւ արենուշ խումբերը: Զարգացման մրցումը կ՛ընդգրկէր տարբեր նիւթերու վերաբերեալ  հարցումներ` Հայ դատ, մարզական, աշխարհագրական, գրական եւ այլն: Մօտ մէկ ժամ սուր մրցակցութենէ ետք ծնողներէ բաղկացած խումբ մը յաջողեցաւ տիրանալ յաղթանակին. ապա ծնողները առիթը ունեցան վերյիշելու իրենց պատանեկան եւ մանկութեան օրերը` խաղալով շարք մը սկաուտական խաղեր, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: Օրուան անակնկալն էր մանկական երգերու մեկնաբան Մակի Իսթիլիանի ներկայութիւնը, որ ստեղծեց ճոխ մթնոլորտ մը եւ մոկլիները, արծուիկներն ու գայլիկները երգեցին ու պարեցին իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ: Շաբաթ օրուան յայտագիրը փակուեցաւ զուտ հայկական երգերու քարաօքէով մը:

Օրուան ընթացքին պզտիկ եւ մեծ արծուիկ երամները յաջորդաբար ծնողները հիւրասիրեցին իրենց պատրաստած անուշեղէններով:

Միւս կողմէ, մասնաճիւղին 9 խումբերը` մոկլի, պզտիկ գայլիկ, մեծ գայլիկ, պզտիկ արծուիկ, մեծ արծուիկ, արի, արենուշ, երէց եւ պարմանուհի, մասնակցեցան իրենց խմբապետներուն պատրաստած զանազան տեսակի յայտագիրներուն, ինչպէս` մարզական խաղերու մրցակցութիւն (ֆութպոլ, պասքեթպոլ, փինկ-փոնկ), լող, նստակեաց խաղեր, ձեռային աշխատանք, անուշեղէններու պատրաստութիւն, շարժապատկերի ցուցադրութիւն, խարոյկի վրայ խորովել եւ այլն…

Կիրակի առաւօտ, նախաճաշելէ ետք, ձիւնագնացութեան բոլոր մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Ֆարայա` ձիւնի վրայ հաճելի ժամանակ անցընելու համար: Խումբերը շինեցին ձիւնամարդեր եւ իկլու, ինչպէս նաեւ մրցեցան ձիւնի վրայ` թէ՛ տարազաւորներու եւ թէ՛ ծնողներուն դէմ: Պանդոկ վերադառնալով` բոլորը միասին ճաշեցին եւ մեկնեցան դէպի ակումբ, թէեւ` յոգնած, սակայն շատ բարձր տրամադրութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի շունչով տոգորուած:

Սկաուտներուն յաջորդ հանդիպումն ու սկաուտական հաւաքը պիտի կայանայ կիրակի, 18 մարտ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9-11, ՀՄԸՄ «Աղբալեան» համալիրին մէջ:

Վարձքը կատար բոլորին:

Share this Article
CATEGORIES