«Կոմիտաս». Հոգեբանական Վերլուծում Մը (Հեղինակ` Մելինէ Գարագաշեան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2011-ին «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամի թիւ 11 հրատարակութիւնը լոյս ընծայեց Մելինէ Գարագաշեանի «Կոմիտաս» խորագրեալ հատորը, Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան տպարանէն, խմբագրութեամբ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեանի:
Մելինէ Գարագաշեան ծնած է Պէյրութ: Իր նախնական ու երկրորդական ուսումը ստացած է Ս. Նշան վարժարանին եւ Ճեմարանին մէջ: Ֆրանսական պաքալորէայի փորձառական գիտութիւններու ճիւղին հետեւած է Միջազգային քոլեճին մէջ: Ապա հաստատուած է Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի քաղաքը, ուր Ռաթկըրզ եւ Սիթըն Հոլ համալսարաններուն մէջ ստացած է տոքթորական տիտղոս` հոգեբանութեան մէջ:
Հայրենի երկիրը ցնցող երկրաշարժէն ետք կ՛անցնի Հայաստան եւ իր օգնութիւնը կ՛ընծայէ Սպիտակի, Ղարաբաղի, Շահումեանի եւ Մարտակերտի աղէտեալներուն: Կը մասնագիտանայ հոգեբանական ճիւղին մէջ եւ կը դասախօսէ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Նիւ Ճըրզիի մէջ` հոգեբանութեան նիւթերու շուրջ:
2001 թուին, Նիւ Եորքի ահաւոր աղէտէն ետք, կը դասաւանդէ Նիւ Ճըրզիի Հոգեբանութեան ընկերակցութեան անդամներուն եւ կը գնահատուի Մտային առողջութեան ընկերակցութեան եւ Ամերիկեան հոգեբանութեան ընկերակցութեան նախագահներուն կողմէ:
Գրած է անգլերէն եւ հայերէն գիտական յօդուածներ: 2005-ին լոյս ընծայած է «Ցեղասպանութեան հոգեցնցումն ու ազգային ինքնութիւնը» խորագրեալ հատորը: Եղեռնի իրադարձութիւններով ցնցուած Կոմիտասի կեանքը շահագրգռած է Մելինէ Գարագաշեանը: Այս իրողութեան վկայութիւնն է հոգեկան անբուժելի տագնապներու ենթարկուած Կոմիտաս վարդապետին տխրաշուք կեանքին վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնը:
Հատորը կը բաղկանայ 272 էջերէ եւ ունի երկու հիմնական բաժիններ: Առաջին բաժինով Մելինէ Գարագաշեան կը ներկայացնէ Կոմիտասի կեանքին 1869-1915 տարիները: Իսկ երկրորդ մասով` 1915-էն մինչեւ 1935 շրջանը:
Իր նախաբանին մէջ հեղինակը կը յայտնէ, թէ դժուար առաքելութեան մը կը ձեռնարկէ` փորձելով վերլուծել Կոմիտասի կեանքը հոգեբանական դիտանկիւնէն: Որովհետեւ, կ՛ըսէ, ոեւէ անհատ ունի հոգեկան բարդ կառոյց եւ միայն այն չէ, ինչ որ կ՛երեւի ուրիշներու աչքին: Հոգեբանական այս երեւոյթը, կ՛ըսէ, առաւել եւս կը յստականայ, երբ նկատի առնենք Կոմիտասի պարագան, որուն մահէն մինչեւ այսօր անցած են երկար տարիներ եւ այս ժամանակի ընթացքին փոխուած են Կոմիտասի խառնուածքը բնութագրող յիշատակներ, ծրագիրներ եւ ապագայի հետ առնչուած բազում այլ բաներ: Այս յղացքով, Մելինէ Գարագաշեան տրամաբանական կարծիք մը կ՛արտայայտէ, երբ կ՛ըսէ. «Անձը միայն անցեալ ու ներկայ չէ, այլ ունի ներաշխարհ ու ապագայ: Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է հարազատօրէն հասկնալ անձը: Այս դժուար գործն է, զոր պիտի փորձենք կարելի դարձնել` նկարագրելու համար Կոմիտաս վարդապետը հոգեբանօրէն»:
Արդարեւ, Մելինէ Գարագաշեան կ՛ըսէ, թէ ցարդ գիտական լուրջ ուսումնասիրութիւն չէ պատրաստուած Կոմիտասի մասին: Հեղինակին հիմնական մտահոգութիւնն է օգտուիլ աննախապաշար վկայութիւններէ եւ այլ աղբիւրներէ, որպէսզի կարելի ըլլայ իրարմէ զանազանել ճշգրիտ յուշը եւ խաթարուած յուշը: Այս ձգտումը իրագործելու համար ան կը հիմնաւորէ իր հոգեբանական վերլուծումը հետեւեալ երկու հիմնական առանցքներով. «Ա. Կոմիտաս կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի երաժշտական ստեղծագործութեան մեծութիւնը: Բ. Կոմիտաս կը խորհրդանշէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Հատորին առաջին բաժինով Մելինէ Գարագաշեան կը ներկայացնէ Կոմիտասը իբրեւ տաղանդաւոր երաժիշտ, որ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ իր ուսանողութեան շրջանէն սկսեալ հաւաքած, ձայնագրած եւ պահպանած է բազմաթիւ հայ գեղջկական երգեր:
Պերլինի մէջ 1896-1899 տարիներուն հետեւած է երաժշտական դասընթացքներու:
Էջմիածին վերադարձին կը վերամշակէ հայ ժողովրդական ու եկեղեցական երաժշտութիւնը եւ զանոնք կը ծանօթացնէ օտարներուն:
Այս շրջանին Կոմիտաս գոհ չէր Էջմիածնի միջավայրէն, ուր կղերականներ ոչ յարգալիր վերաբերում ցոյց կու տային իրեն: Հետեւաբար կը բաղձար հեռանալ Էջմիածնէն, երբ արդէն 35 տարեկան էր եւ ընտրած էր երաժշտութիւնը իբրեւ կեանքի ասպարէզ:
1906-ին կ՛անցնի Միւնիխ, Ֆրանսա, Զուիցերիա եւ Իտալիա, ուր յաջորդաբար կու տայ համերգներ:
Երբ Խրիմեան Հայրիկ կը վախճանի, Կոմիտաս կը վերադառնայ Էջմիածին, ուր կը զգայ, թէ երաժշտագէտի կոչում ունի, եւ թէ` վանական միջավայրը իր պահպանողական ըմբռնումներով նեղ կու գայ իրեն` իր գեղարուեստական ծրագիրը յաջողցնելու համար:
5 սեպտեմբեր 1909-ին խնդրագիր մը կը ներկայացնէ Մ. Իզմիրլեան կաթողիկոսին, որ Էջմիածնէն հեռանալու արտօնութիւն տայ իրեն: Սակայն կը մերժուի:
1910-ի աշնան իր ծննդավայրը այցելելու պատրուակով կու գայ Պոլիս, ուր դարձեալ կը հանդիպի հակառակորդներու, որոնք կը նախանձին իր երաժշտական արուեստին:
Հակառակ իրեն եղած արգելքներուն` Կոմիտաս կու տայ 300 երգիչ-երգչուհիներէ կազմուած իր շքեղ համերգը, 4 դեկտեմբեր 1910-ին, Պոլսոյ «Փըթի շան» թատրոնին մէջ, հայ եւ օտար երեւելի հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Կոմիտաս կը շարունակէ տալ համերգներ այլ քաղաքներու մէջ եւս: 1913-ին կը դասաւանդէ երաժշտութիւն` վեց տաղանդաւոր սաներու:
1912-1913 տարեշրջանին կը մշակէ սուրբ պատարագը եւ կու տայ երաժշտական դասեր Եսայեան եւ Կեդրոնական վարժարաններու մէջ: Կը պատրաստէ «Գուսան» երգչախումբը:
Հայոց ցեղասպանութեան յատկացուած հատորին երկրորդ բաժինով (1915-1935) Մելինէ Գարագաշեան կը ներկայացնէ 1915 տարուան ապրիլ ամիսը, երբ Կոմիտաս կը ձերբակալուի, կը դառնայ աքսորական ու Եղեռնի ջարդերու ընթացքին կ՛ենթարկուի հոգեկան ցնցումներու:
1916-ի աշնան կը փոխադրուի Շիշլիի հոգեբուժարանը, Հոփիթալ տը լա Փէ:
1919-ի մարտ 19-ին, 50 տարեկանին, Կոմիտաս անկախ իր կամքէն, կ՛ուղարկուի Փարիզ` որպէս հոգեկան հիւանդ: Ռումանական «Տաշիօ» նաւը զինք կը փոխադրէ Մարսէյ, ուրկէ ան կը տարուի Փարիզ: 1919-1922 կը դառնայ «Վիլ Էվրարտ» հոգեբուժարանի հիւանդը` մինչեւ 1922 օգոստոս 6 թուականը:
1922-1935 Կոմիտաս, 53 տարեկանին, կը դառնայ «Վիլ Ժուիֆ» հոգեբուժարանի հիւանդը, ուր կը վախճանի հոկտեմբեր 20, 1935-ին, ժամը 16:05-ին:
Հատորին հոգեվերլուծական բաժինով Մելինէ Գարագաշեան կը յայտնէ, թէ Կոմիտաս տոկուն էր թէեւ կրնար նաեւ աներկիւղ դիմագրաւել կեանքի այլազան բարդ ու կնճռոտ խնդիրները, բայց Եղեռնի արիւնոտ իրադարձութիւնները զինք խոցեցին հոգեպէս:
Այս յղացքով, ըստ հեղինակին, Կոմիտաս իր ցաւատանջ էութեամբ, կը մարմնաւորէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Գարագաշեան կ՛ըսէ, թէ Կոմիտասի հոգեկան հիւանդութիւնը հետեւանք էր եղերական այն պայմաններուն, երբ բազմահազար հայորդիներ կը ձերբակալուէին, կը տարագրուէին իրենց հայրենի օճախներէն, կը բանտարկուէին, կը քալէին աքսորի պարտադիր ճամբաներէն անորոշ ուղղութեամբ եւ կ՛ընթանային դէպի անորոշ մահ… Կոմիտաս կը ցնցուէր հոգեպէս, երբ կը տեսնէր, որ իր ազգակիցները կ՛ենթարկուէին թուրք ոստիկաններու անմարդկային վերաբերումներուն, երբ կ՛ամայանային հայկական շէներն ու կը քանդուէր Պոլսոյ հայ մշակոյթը: Կոմիտաս կը դառնար հիասթափ, երբ համատարած անորոշութեան մէջ կը կորսնցնէր ընտանեկան բոյն, եկամուտի աղբիւր ու բարեկամներ: Կը կորսնցնէր գեղարուեստական այն բոլոր կռուանները, որոնք խանդ ու ապահովութիւն կը ներշնչէին իրեն: Այս առնչութեամբ, Մելինէ Գարագաշեան կ՛ըսէ. «Համոզուած ենք, որ եթէ Ցեղասպանութիւնը տեղի չունենար, Կոմիտաս կը շարունակէր իր երաժշտական աշխատանքը: Ցեղասպանութիւնը հիասթափեցուց զինք այն ազգին նկատմամբ, որուն լեզուն իր մանկութեան լեզուն եղած էր, այն ազգին, որ կարող էր պատիւ տալէ մի՛ քանի շաբաթներ վերջ նուաստացումի առաջնորդել զինք»:
Մէջբերուած տողերով Մելինէ Գարագաշեան կը հաստատէ, որ Կոմիտաս հոգեկան հիւանդ չէր ու խելագար չէր բառին ընթացիկ առումով: Այլ պարզապէս հիասթափուած էր կեանքէն եւ մարդոցմէ: Այս հոգեխառնութեամբ, Կոմիտաս ուզեց առանձնանալ` առանց սակայն կորսնցնելու իր մտային կարողութիւնները: Ան ապրեցաւ հոգեբուժարաններու առանձնութեան մէջ երկար տարիներ, ներամփոփ հոգեվիճակով:
Փետրուար 2012
Պէյրութ
