Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» Շարադրութեան Մրցումին Առիթով. «Մենք Պիտի Ընդդիմանանք Տինքի Ոճիրին Գծով Թուրքիոյ Դատարանի Որոշումին, Պիտի Պահանջենք Որոշումին Վերանայումը Եւ Ի Հարկին Պիտի Դիմենք Եւրոպական Դատարան» Հաստատեց «Ակօս»-ի Հայերէն Բաժինի Խմբագիր Սարգիս Սերոբեան

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին կազմակերպած միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան Բ. մրցումին առիթով, խմբակի ատենապետ Լոռի Եթերեան հեռաձայնային հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Սարգիս Սերոբեանին հետ: Շահեկան հարցազրոյցը իր ամբողջութեամբ կը դարձնենք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն սեփականութիւնը:

ԼՈՌԻ ԵԹԵՐԵԱՆ.- Հրանդ Տինքի սպանութենէն հինգ տարի ետք տակաւին արդարութիւնը չհաստատուեցաւ: Ինչո՞ւ:

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ.- Ամէնէն աւելի արդարութիւն պահանջողները մենք ենք, «Ակօս» թերթն է, բայց դժբախտաբար երկրին քաղաքականութիւնը, որ վերջին 5-10 տարիներուն քիչ մը դէպի ժողովրդավարութիւն կ՛երթար, այս վերջին շրջաններուն, ցաւ ի սիրտ,  80-90-ական թուականներու պայմաններուն վերադառնալու սկսաւ: Ժողովրդավարական քայլերը յուսադրիչ էին, մեր ուզածն ալ այդ էր: Հակառակ անոր որ ազգայնամոլ գործիչներ տարիներէ ի վեր բանտարկուած են, ու անոնց դատերը անլոյծ կը շարունակուին մնալ, սակայն Հրանդ Տինքին հարցը ազգայնամոլ շարժումին ծիրին մէջ չդրին եւ անջատեցին, որպէսզի արագօրէն վճիռը արձակեն: Այդ պատճառով աւարտեցին դատը մեզ չհամոզող արդիւնքով: Մենք անշուշտ պիտի ընդդիմանանք, Հրանդին ընտանիքը պիտի ընդդիմանայ, պիտի պահանջենք որոշումին վերանայումը, եւ եթէ կարիքը կայ, ապա պիտի հասնինք մինչեւ Եւրոպական դատարան:

Լ. Ե.- Ըսել կ՛ուզէք, որ դատը Եւրոպական դատարան ներկայացնելու ծրագի՞ր կայ:

Ս. Ս.- Անպայման կայ, եթէ այստեղէն չկրցանք արդիւնքներ ձեռք բերել: Բայց յոյսով ենք, որ Թուրքիան կը փոխուի: Կը կարծեմ, որ պիտի փոխուի, որովհետեւ իշխանութեան կարգ մը անդամներ չեն ընդունած այս որոշումը, այնքան մը, որ որոշում տուող դատաւորը  յանցանքը բեռցուցած է օրէնքին վրայ…

Լ. Ե.- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք «Ակօս»-ի մէջ Տինքին ունեցած դերակատարութիւնը:

Ս. Ս.- Հրանդ Տինք 1996-ին քանի մը ընկերներով սկսաւ թերթը հրատարակելու: Այդ ընկերներէն այսօր «Ակօս»-ին մէջ ոչ մէկը մնացած է, բացի ինձմէ: Անոնք մեզմէ բաժնուեցան որոշ պատճառներով` ոմանք գործի բերումով եւ ուրիշներ մտածելակերպի փոփոխութիւններ ունենալով: Հրանդը, որպէս այս թերթի ժողովրդավար հիմնադիր, կը մղէր, որ որոշումները քուէարկութեան մեծամասնութեամբ կատարուէր, սակայն, վերջին որոշում տուողը միշտ ի՛նք կ՛ըլլար: Ինք կը վարէր թերթը իր ամբողջութեամբ եւ շատ լաւ կը կատարէր իր գործը: «Ակօս»-ին գոյն տուողը, երանգ տուողը, ուղղութիւն տուողը Տինքն էր: Սպանութենէն ետք, թերթի նոր վարիչով կրնայ ըլլալ, որ Տինքի սկզբունքներէն փոքր տարբերութիւններ տեսնուած ըլլան, սակայն մեր այսօրուան երիտասարդ վարիչը` Ռոպերթ Քոփտաշ, աւելի մօտ է Տինքի ուղեգիծին:

Լ. Ե.- Ուրեմն, կրնա՞ք հաստատել, որ Տինքին սկսած գործը այսօր կը շարունակուի:

Ս. Ս.- Այո՛, մենք կ՛աշխատինք «Ակօս» մը հրատարակել ամէն շաբաթ:

Լ. Ե.- Թուրքիոյ մէջ Հրանդ Տինքին սպանութիւնը մթնոլորտ ստեղծեց: Այսօր, Տինքին մահով ի՞նչ փոխուած է Թուրքիոյ մէջ:

Ս. Ս.- Հրանդին սպանութիւնը հայութեան համար շատ ծանր հարուած մըն էր: Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի պատմութեան մէջ 10-15 տարին անգամ մը բացայայտօրէն կ՛երեւին իշխանութիւններուն կողմէ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ ցուցաբերած հարուածները, ինչպէս 6-7 սեպտեմբերի դէպքերը: Հրանդի սպանութենէն ետք ալ մենք կը վախնայինք, որ հայ համայնքին մէջ գաղթի նոր ալիք մը պիտի սկսի, եւ հայերը դարձեալ պիտի գաղթեն դէպի սփիւռք: Մեզի հանդէպ անցեալին կատարուած պետական հակադրութիւններէն ետք, գաղթի ալիքը կը սկսէր, ինչ որ այս անգամ չպատահեցաւ: Երիտասարդութիւնը տէր կանգնեցաւ Հրանդի յիշատակին, կազմակերպուեցան այնպիսի աննախադէպ մեծ ցոյցեր, որոնց իբրեւ արդիւնք հայերը գաղթի մասին չմտածեցին: Այդ շարժումը տեղի չունեցաւ, եւ այս փոփոխութիւնը հետաքրքրական էր:

Լ. Ե.- Երբ պետական հարուած կ՛ըսէք, ուրեմն, կը հաստատէ՞ք, որ պետութիւնը Տինքի սպանութեան ոճիրին մէջ դերակատարութիւն ունի:

Ս. Ս.- Անտարակոյս, պետութիւնը գործել տուած է այս ոճիրը, պետութիւնը` իր ոստիկաններով, իր քաղաքագէտներով, իր կուսակալներով կատարած է արարքը:

Լ. Ե.- Տինքին  յիշատակը վառ պահելու համար, երկրորդ տարին ըլլալով Մեսրոպեանի աշակերտական խմբակը կը կազմակերպէ «Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան մրցանքը: Այս գծով ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Ս. Ս.- Հրանդ Տինքին յիշատակը մենք պէտք է յաւերժ ապրեցնենք, որովհետեւ ան մեզի համար, Թուրքիոյ հայութեան համար եւ նոյնիսկ համայն հայութեան համար դարաշրջանի մը սկիզբը դրաւ: Տինք ունէր ««Ակօս»-էն առաջ եւ «Ակօս»-էն ետք» մտածումը, որ խոր իմաստ ունէր: Մենք, այսօր քիչ մը ձեւափոխելով կ՛ըսենք` «Հրանդէն առաջ եւ Հրանդէն ետք»: Մենք ուրախ ենք, որ Փարիզի մէջ դպրոց մը Տինքին անունը կը կրէ, Մարսէյի մէջ փողոցի մը Տինքին անունը կը տրուի, Հարաւային Ամերիկայի մէջ հրապարակ մը Տինք կ՛անուանուի, Հայաստանի մէջ լսարան մը Տինք կը կոչուի եւ Պէյրութի մէջ վարժարան մը կը կազմակերպէ Տինքին անունով միջդպրոցական շարադրութեան մրցում մը: Արդէն անցնող տարի ձեր ղրկած եւ մեզի շատ սրտամօտիկ շարադրութիւնները հրատարակեցինք «Ակօս»-ին մէջ: Շատ յաջող գրական լաւ գործեր էին եւ լաւ վերլուծումներ կային: Շնորհակալ ենք Մեսրոպեան վարժարանին` իր կատարած սուրբ գործին համար:

Լ. Ե.- Վերջապէս, ձեր կարծիքով լիբանանահայ աշակերտութիւնը ի՞նչ ձեւերով կրնայ շարունակել Հրանդ Տինքի ուղին:

Ս. Ս.- Արդէն ձեր որդեգրած ճամբան ճիշդ է. նոյն ուղիով շարունակեցէք: Կարեւորը հայութեան համար տարուած գործերն են: Ան շատ լաւ թուրք բարեկամներ ունէր, եւ այս մերձեցումը ժխտական կէտ մը չէր: Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Տինքին այս քայլը ճիշդ չէր, անոնք պէտք է գիտնան, որ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը կարեւոր է, եւ ժողովուրդները երբեք իրար թշնամի չեն կրնար ըլլալ: Պետութիւնները թշնամութիւն կը հրահրեն. Հրանդը ատոր դէմ էր, բայց նաեւ բարեկամութեան կը հաւատար: Մենք բոլորս պէտք է հետեւինք այդ ուղիին, եւ վստահ եմ, որ ճիշդ ճամբու վրայ ենք…

Լ. Ե.- Աւելցնելիք բան մը ունի՞ք:

Ս. Ս.- Վերջապէս, անգամ մը եւս կը յայտնենք, որ մենք այս տարի ալ պատրաստ ենք «Ակօս»-ի հայերէն էջերուն մէջ ուրախութեամբ հրատարակելու մրցանքին առաջին երեք դիրքերը հանդիսացող աշակերտներուն գրութիւնները: Շնորհակալութիւն մրցանքին կազմակերպիչներուն, որոնք հայկական իրականութեան մէջ իր բնոյթին մէջ եզակի մրցում մը կը կազմակերպեն:

Share this Article
CATEGORIES