Սլաք . Օպամա Ի՞նչ Ըսեր Է Նեթանիահուին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի Ուաշինկթըն այցելութեան օրերուն, մարտի սկիզբը, լրատու աղբիւրներ լայն արձագանգ եղան հրապարակային հանդիպումներուն ու ճառերուն, որոնց մէկ մասը արտասանուեցաւ հրէական ծանօթ «ատեաններուն» մէջ:

Նոյն օրերուն շշուկներ շրջան ըրին, թէ քուլիսներու ետին մանր ու կարճատեւ բանավէճ մը զարգացեր է նախագահ Օպամայի ու հիւր վարչապետին միջեւ: Լսողներ եղած են, որ Օպամա հետեւեալ գանգատները եւ քիչ մըն ալ սպառնական արտայայտութիւնները ուղղած է Նեթանիահուին` յիշելով Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն ու արդարութիւն հետապնդելու իր ընտրական հաւաստիքները.

– Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ պաղեստինցիներու ջարդը:

– Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ պաղեստինեան հողերու վրայ բնակեցման վայրեր կառուցելու իր տասնամեակներու քաղաքականութեան:

– Իսրայէլ պէտք է հրաժարի հիւլէական իր զինամթերքէն:

– Իսրայէլ պէտք է ինքնազսպումի դիմէ Իրանի դէմ ու չստուգուած տեղեկութիւններով թմբկահարում չկատարէ անոր հիւլէական զէնքերու կարողութեան մասին:

– Իսրայէլ ընդհանուր առմամբ պէտք է զգուշանայ այնպիսի քայլերէ, որոնք Ծոցի շրջանին մէջ լարուածութիւնը կը բարձրացնեն ու պատճառ կ՛ըլլան… քարիւղի սակերուն բարձրացման:

Օպամա այլ պահանջներ ու նմանօրինակ արտայայտութիւններ ալ ունեցեր է:

Նեթանիահու համբերութեամբ մտիկ ըրեր է, յետոյ հարցուցեր է. «Պարոն նախագահ, մոռցա՞ծ ես, որ ընտրապայքարի էջը բացուած է… Որոշած ես այժմէ՞ն ձախողիլ»:

Այս «մտերմիկ զրոյց»-էն ետք է, որ Օպամա կատարած է իր ծանօթ յայտարարութիւնները` ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Իսրայէլի ու մոռնալով պաղեստինցիներուն բոլոր իրաւացի տեսակէտները:

Կարելի՞ է հաւատալ նման շշուկներու, զորս հրապարակ նետողները վստահաբար քաղաքական երգիծանք կը սիրեն…

 

 

Share this Article
CATEGORIES