«Մենք Ամբողջութեամբ Անկողինին Մէջ Ենք Իսրայէլացիներուն Հետ»

Նոպէլեան մրցանակակիր, Միացեալ Նահանգներու 39-րդ նախագահ (1977-1981) Ճիմի Քարթըր (ծն. 1924) «Թայմ»-ի թղթակից Պելինտա Լուսգոմպի տուած իր հարցազրոյցին մէջ կը խօսի Իսրայէլի, Իրանի եւ ոչ անհրաժեշտ պատերազմներու մասին:

Պ. Լ.- Ձեր նոր գիրքը` «Տարիներու ընդմէջէն Ճիմի Քարթըրի հետ», հոգեւոր խորհրդածութիւններու հաւաքածոյ մըն է: Դուք 35 տարիներ Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ եղած էք:

Ճ. Ք.- Աւելի՛ն. ես 18 տարեկան էի, երբ սկսայ Կիրակնօրեայ դպրոցի մէջ դասաւանդել:  Եւ այժմ կը դասաւանդեմ մեր տեղական եկեղեցիին մէջ, Փլէյնզ: Փլէյնզի մէջ միայն 635 բնակիչ ունինք եւ տասնմէկ լեցուն եկեղեցի:

Պ. Լ.-  Ընտրողները պէ՞տք է մտահոգուին թեկնածուին հաւատքով:

Ճ. Ք.- Ես կը կարծեմ, որ բարոյական արժէքները աւելի լաւ միջոց կրնան ըլլալ, սակայն ես չեմ կրնար տեսնել, թէ ինչպէ՛ս հաւատքը կը բաժնեն բարոյական արժէքներէ: Նաեւ ես չեմ պնդեր, որ դուն քրիստոնեայ մը պէտք է ըլլաս` քու անձնական եւ հասարակական կեանքիդ մէջ այդ բարոյական արժէքները ցոյց տալու:

Պ. Լ.- Ամերիկացի քաղաքագէտները պէտք եղածէն աւելի՞ կը շահագործեն քրիստոնէութիւնը:

Ճ. Ք.- Չափազանցօրէն այդպէս: Ատոր մէկ մասը ծնունդ առաւ ինծի դէմ եղած ընդդիմութեան մէջ: Այսպէս կոչուած «Բարոյական մեծամասնութիւն»-ը ասպարէզ իջաւ` հակառակելու ինծի, եւ Ռոնալտ Ռիկըն զայն որդեգրեց ինծի դէմ մղած իր ընտրապայքարին մէջ:

Պ. Լ.- Դուք լաւատե՞ս էք Իսրայէլի ապագայով:

Ճ. Ք.- Ո՛չ, ես լաւատես չեմ: Իսրայէլի կազմութենէն ասդին Միացեալ Նահանգներ այժմ նուազագոյն ազդեցութիւնը ունին Միջին Արեւելքի մէջ: Մենք լրիւ պատուաստուած ենք պաղեստինցիներու կամ արաբ աշխարհի որեւէ ձեւի ազդեցութեան դէմ: Մենք ամբողջութեամբ անկողինին մէջ ենք իսրայէլացիներուն հետ, որոնք ահաւոր կերպով կը հալածեն պաղեստինցիները, եւ այս, կը կարծեմ, հակառակ է Իսրայէլի շահերուն:

Պ. Լ.- Ձեր կարծիքով, ի՞նչ կը նշանակէ, որ, ըստ երեւոյթին, Իրան պիտի ունենայ իր առաջին հիւլէական կայանները:

Ճ. Ք.- Լա՛ւ, անշուշտ, Իրանի կրօնական առաջնորդները պատուով երդուած են, որ իրենք հիւլէական զէնք պիտի չշինեն: Եթէ կը ստեն, ապա ես այդ մէկը գլխաւոր աղէտ մը չեմ տեսներ, քանի որ անոնք միայն մէկ կամ երկու ռազմային զէնք պիտի ունենան: Իսրայէլ հաւանաբար աւելի կամ նուազ երեք հարիւր հիւլէական ռումբ ունի:

Պ. Լ.- Այսօր դուք տարբե՞ր կերպով պիտի վարէիք Իրանի մէջ [ամերիկացի] պատանդներու ճգնաժամը:

Ճ. Ք.- Ո՛չ: Խորհրդականներէս շատեր ըսին, որ աւելի յարձակողական պէտք է ըլլանք, եւ ես այդ փորձութեան պիտի տարուէի: Բայց ես համբերատար էի, եւ իւրաքանչիւր պատանդ ապահով տուն վերադարձաւ, սակայն` շատ աւելի ուշ, քան ես կ՛ուզէի:

Պ. Լ.- Այսօր Միացեալ Նահանգներու մասին ամէնէն աւելի ի՞նչ բան ձեզ կը մտահոգէ:

Ճ. Ք.- Իմ յաջորդներէս իւրաքանչիւրը առանց պատճառի պատերազմներու մէջ եղաւ: Ես կը կարծեմ, որ մենք կրնայինք այդ հակամարտութիւններուն մեծամասնութիւնը խաղաղ ճամբով լուծել: Եւ մենք մեր հարստութեան նուազագոյնը կը բաժնեկցինք ուրիշ ժողովուրդներու հետ: Ասոնք դրժումն են Խաղաղութեան իշխանի ուսուցումներուն:

Պ. Լ.- Նախագահ մը որքանո՞վ կրնայ տնտեսութիւնը կարգի դնել:

Ճ. Ք.- Նախագահը դիրքով երրորդն է Դաշնակցային պահեստէն եւ խորհրդարանէն ետք, բացի երբ մե՛նք բան մը կ՛ընենք, ինչպէս` կ՛երթանք Իրաք եւ ոչ անհրաժեշտ պատերազմ կը մղենք:

Պ. Լ.- Մեկնած ձեր հաւատքէն` ընդառաջ կը նայի՞ք մահուան:

Ճ. Ք.- Ես ընդառաջ չեմ նայիր մահուան: Թէեւ չեմ վախնար մահէն: Ես կը նախընտրեմ կենդանի մնալ եւ առողջ այնքան, որքան կրնամ: Կինս եւ ես վաթսունհինգ տարի է, որ ամուսնացած ենք: Ամէն տարի, Ծնունդին, մեր ամբողջ ընտանիքը արձակուրդի կը տանինք, եւ ես կը հոգամ ծախսերը, այնպէս որ, ընտանիքը կը մասնակցի հարիւր տոկոսով:

Share this Article
CATEGORIES