«Ով Որ Կարողութիւն Ունի Դիմադրութիւնը Բռնի Ուժով Ապազինելու, Թող Հրամմէ՛…» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

Արաբերէնի ուսուցման «Նուր» դասընթացքներու կազմակերպութեան ձեռնարկին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընդմէջէն հաստատեց, որ Դիմադրութեան զինաթափումին շուրջ կարելի է լուծման յանգիլ միայն Հըզպալլայի հաւանութեամբ, այլապէս` այդ հարցը մնայուն յետաձգումի ենթակայ կ՛ըլլայ:

«Իսկ ով որ կարողութիւն ունի Դիմադրութիւնը բռնի ուժով ապազինելու, թող հրամմէ՛…», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են շարունակելու պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկումը:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կարելի չէ կերտել մէկզմէկու ջնջելու քաղաքականութեան կամ ռազմավարութեան հիման վրայ` աւելցնելով, որ պետութիւնը կարելի է կերտել հիմնուելով երկխօսութեան եւ համագործակցութեան վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES