Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի գործակատար Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի «Վայելէ՛ Լիբանան»-ը խորագիրով փաստաթուղթը, որ կը միտի արտերկրի լիբանանցիները տուն կանչել եւ զանոնք հայրենիքին հետ առնչել:
ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մօտիկ ապագային հանդիպում մը պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ` անոնց հետ, քննարկելու համար լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ բացայայտուած ահաբեկչական բջիջը կը ծրագրէր այնպիսի գործողութիւններ, որոնք կրնային երկրին մէջ աղէտ պատճառել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան նպատակն է ծածկել սուրիական վարչակարգին գործած սպանդները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Ռիատ կը ծրագրէ Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու օժանդակութեան ամբողջական ծրագիրի մը գործադրութեան:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, պետական նշանակումներու թղթածրարին առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համաձայնութիւն չէ գոյացած:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ տարակարծութիւններ կան եւ ոչ թէ յարաբերութիւններու խզում:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի յայտարարութիւնները Պքերքէի դէմ չեն ուղղուած:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան գումարած չորեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի թելադրած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւնները յանձնելու առումով ուղղակիօրէն գործակցիլ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հետ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ փոխադրածախս ստանալու օրէնքը կը հետաքրքրէ բոլոր քաղաքացիները` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր երեսփոխան, որ չի ժամաներ խորհրդարան, յուսախաբութեան կը մատնէ ի շահ իրեն քուէարկող լիբանանցիները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բարեկարգումը կարելի է կատարել` Լիբանանի Ազգային միասնականութեան ուխտին նկատմամբ յանձնառութիւնը վերանորոգելով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կարգ մը քրիստոնեայ ուժեր կը մասնակցին շրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքին տկարացման եւ անոր դերակատարութեան սահմանափակումին:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ փճացած սննդամթերքի թղթածրարը ամբողջական հետապնդումի արժանացած է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է խստիւ պատժել այդ հարցին պատասխանատուները: