Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդի Ընդհանուր Ժողով
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը երէկ Հազմիէի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընդհանուր ժողովը` նախագահութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրիի:
Նիստին քննարկուած հիմնական հարցերէն եղաւ լիբանանցի կնոջ կողմէ իր զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու օրէնքին վերաբերող վերջնական նախագիծ մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս նպատակով Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը այդ նախագիծը մշակող օրինական յանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
CATEGORIES Լիբանանեան