Վառելանիւթի Կայաններու Սեփականատէրերու Գործադուլ
Լիբանանի մէջ գործող վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս յայտարարեց, որ կայաններուն գործադրած երէկուան գործադուլին պատասխանատու է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը: Ան աւելցուց, որ սենտիքան իր նիստերը բաց պիտի պահէ եւ հետագային պիտի սերտէ մագլցողական քայլերու դիմելու կարելիութիւնները: Ան հաստատեց, որ սենտիքային գործադուլը 100 առ հարիւր յաջողած է:
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքային կողմէ կազմակերպուած գործադուլը սկսաւ: Անոր կողքին, վառելանիւթի սիթեռններու վարորդները նստացոյց մը կատարեցին ուժանիւթի նախարարութեան դիմաց` ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ:
Նշենք, որ առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, վառելանիւթի փոխադրութեան յատուկ 100 սիթեռններ Հազմիէ շրջանէն մինչեւ Քարանթինա փակեցին ճամբան` գործադրելով սենտիքային որոշած գործադուլը:
Գործադուլին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Պրաքս յայտնեց, որ սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ ան իրաւունք տուած է իրենց պահանջներուն: Ըստ Պրաքսի, սենտիքան վարչապետին խոստացած է համբերել, որպէսզի յարմար լուծում մը գտնուի:
Պրաքս աւելցուց, որ պենզինին սակը ապօրինի կերպով բարձրացնող կայանները կը միտին գողնալ ժողովուրդը:
Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ վառելանիւթի կայաններուն սեփականատէրերը մաֆիաներ են: «Անոնց պահանջները անտրամաբանական են եւ մերժելի», ըսաւ Պասիլ:


