Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ֆրանսական Բանակի Սպայակոյտի Պետը

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Լայեուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետ, ծովակալ Էտուար Կիուն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, զինուորական գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ստանձնած պարտականութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Պաղեստինեան ազգային յարաբերութեան ներկայացուցիչ Ազզամ Ահմետը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որ նախագահ Սլէյմանին փոխանցեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ողջոյնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինեան հողերուն վրայ տիրող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումներն ու բռնարարքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց այս հանգրուանին նախարարութեան ստանձնելիք առաքելութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժար, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց արդարութեան վերաբերող եւ դատական որոշ հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES