Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Պէյրութ
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու Մարքոլլիս պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Մարքոլլիս յայտնեց, որ Լիբանան այցելութեան իր նպատակն է շարունակել Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւններուն քննարկումը:
Պաապտայի Մէջ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մարքոլլիսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները եւ տարբեր մարզերու մէջ այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:
Մարքոլլիս նախագահ Սլէյմանը տեղեակ պահեց Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակներուն մասին` նշելով, որ Կիպրոսի նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել` յատկապէս զբօսաշրջութեան, ուժանիւթի եւ ծովային փրկարար աշխատանքներու մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ վերջնական լուծում մը գտնել Լիբանան-Կիպրոս ծովային սահմանագծումին համար, որպէսզի կարելի ըլլայ քարիւղի եւ բնական կազի պեղման աշխատանքներուն սկսիլ:
Մարքոլլիս շեշտեց, որ Կիպրոսի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններուն բարելաւումը Լիբանանի հաշուոյն պիտի չըլլայ:
Պըրրի- Մարքոլլիս Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Մարքոլլիսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման կարելիութիւնները:
Վարչապետին Մօտ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւս ընդունեց Մարքոլլիսը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսի:
Քննարկելէ ետք երկկողմանի յարաբերութիւնները` Մարքոլլիս շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ հանդիպումը եղած է բաւական դրական, յատկապէս ուժանիւթի, մշակոյթի, առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ գործակցութեան առումով:
Մարքոլլիս շեշտեց երկու երկիրներուն պատմական յարաբերութիւնները` ընդգծելով փոխադարձ գործակցութիւնը աւելի բարձր մակարդակներու վրայ քննարկումի առարկայ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու ժողովուրդներուն փոխադարձ շահերը ապահովել:
Մարքոլլիս հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ատնան Մանսուրի հետ: