Իրան Կը Սպառնայ Իսրայէլին «Լաւ Պատասխան Հարուած Մը» Հասցնել

Ալի Աքպար Սալեհի

«ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ դանիական «Թի.Պի.2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ յարձակումի մը կարելիութեան, յայտարարած է, որ «եթէ Իսրայէլ նման սխալ քայլի դիմէ, ատիկա կործանում պիտի նշանակէ: Ատիկա անոնք լաւ գիտեն»:

Իրանի դիւանագիտութեան պետը ըսած է, որ իր երկիրը ոեւէ մէկու հետ ճակատումի չի ձգտիր, սակայն «պատրաստ է պատերազմի, եթէ անիկա սկսի»: «Ես մանրամասնութիւններ պիտի չներկայացնեմ, սակայն մենք լաւ պատասխան մը պիտի տանք», նախազգուշացուցած է ան:

Սալեհի անգամ մը եւս վստահեցուցած է, որ Իրան հիւլէական զէնք չ՛արտադրեր, եւ այս առումով իր երկրին հասցէին կատարուած բոլոր մեղադրանքները երեւակայածին են:

Նշենք, որ ըստ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս կատարուած հարցախոյզներուն ամերիկացի ժողովուրդը փոխած է Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններու սկսելու հարցին նկատմամբ իր կեցուածքը: Հարցախոյզի մասնակիցներու կէսէն աւելին այդ գաղափարին թեր արտայայտուած է, մինչդեռ մէկ ամիս առաջ ամերիկացիները այլ կերպ կը մտածէին:

Share this Article
CATEGORIES