Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Կանաչներու Խմբակի Համանախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրէնքը «Ապուշ Եւ Տխմար» Կը Նկատէ
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ թրքական օրաթերթերը իրենց չորեքշաբթի օրուան թիւով գրած են, թէ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Կանաչներու խմբակի համանախագահ Ճոն Պենտիթ ծանր խօսքերով քննադատած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան առնչութեամբ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ: Ան ըսած է, որ պէտք չէ Թուրքիոյ նկատմամբ ապուշ ու տխմար կեցուածք ցոյց տալ:
«Ֆրանսա եւ Եւրոպական Միութեան այլ երկիրներ ինչո՞ւ կը փորձեն Թուրքիան վարկաբեկել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նման ապուշ ու տխմար օրէնքներով: Եւրոպական ընտանիքը անարդար կերպով կը կացինահարէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները», ըսած է ան:
Ըստ Պենտիթի, Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ ամէնէն կարեւոր հարցը ձերբակալեալ լրագրողներու թիւն ու մամլոյ ազատութեան չգոյութիւնն է:

