Ռուբէն Հայրապետեան. «Ժամանակս Ամբողջութեամբ Պիտի Տրամադրեմ Ֆութպոլին»
Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ, թէ ինչո՛ւ պիտի չմասնակցի Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Ինչպէս ծանօթ է, Հայրապետեան ներկայիս Ազգային ժողովի պատգամաւոր է, սակայն ինքզինք չի տեսներ խորհրդարանին մէջ` նկատի ունենալով, որ իր ժամանակը չի ներեր նիստերուն մասնակցիլ:
«Անդամ եմ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի եւ ՖԻՖԱ-ի ֆետերասիոններուն մօտ, որոնց ժողովները տեղի կ՛ունենան երկուշաբթի եւ երեքշաբթի: Բացակայութիւններս անիմաստ խօսակցութեանց առիթ կու տան: Ասկէ մեկնելով` իմ կուսակցութիւնս որոշեց, որ ինծի համար աւելի լաւ է ֆութպոլով զբաղիլ», ըսաւ Հայրապետեան, որ յունիս 2002-էն ի վեր կը վարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը:
Այս հարցազրոյցին ընթացքին քանի մը առիթով շեշտելէ ետք, որ պիտի չըլլայ խորհրդարանին մէջ, Հայրապետեան ըսաւ. «Ես կը կատարեմ բոլորին ալ սրտի փափաքը՞ իմ ժամանակս ամբողջութեամբ պիտի տրամադրեմ ֆութպոլին: Ասկէ մեկնելով` իմ առաջնահերթ նպատակս պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը լաւագոյնս պատրաստել 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն, որովհետեւ մենք ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնենք Պրազիլի տոմս մը ապահովելու: Ինչ կը վերաբերի «Հրազդան» մարզադաշտին եւ «Հ1» պատկերասփիւռի կայանին առնչուող հարցերուն, անոնց գծով անհրաժեշտ դասաւորումները կը կատարուին, եւ մօտ օրէն յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցենք»:
Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ Հայրապետեան ըսաւ, որ շրջան ընող լուրերը երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ իր եւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի միջեւ ոչ մէկ տարաձայնութիւն գոյութիւն ունի: Կ՛ուզեմ բոլորին ալ մտքերը հանգստացնել, որ մեր միջեւ գոյութիւն ունին ամուր եւ անքակտելի կապեր»:


