Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Միզային Համակարգի Հիւանդութիւններ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 7 մարտ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան:

Առողջապահական յանձնախումբին ներկայացուցիչը ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ տարիքի բերումով երբ անձի մը գործարանները կը տկարանան, նախկին առողջական վիճակը կը խախտի, եւ ամէնէն աւելի տաղտկալի կացութիւն պատճառող հիւանդութիւնները միզային համակարգին հետ առնչուած են: Այս պարագային, նախազգուշութիւնը եւ բժշկական դարմանը հրամայական կը դառնան:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութեան սկսաւ սահիկներու օժանդակութեամբ` բացատրելով տարբերութիւնը իգական ու արական միզասեռական համակարգերուն միջեւ: Ներկայացնելով այդ երկու համակարգերուն տարբեր բաժինները` դասախօս բժիշկը բացատրեց անոնց տեղն ու պաշտօնը միզասեռական եւ մարդու ընդհանուր համակարգին մէջ:

Դասախօսը թուեց այն հիւանդութիւնները, որոնք ամէնէն յաճախ կը պատահին տարեցներուն մօտ:

ա- Միզուղիներու բորբոքումներ:
բ- Միզաքարային հիւանդութիւն:
գ- Անմիզութիւն կամ միզելու դժուարութիւն:

Պատճառները.

1- Միզուղիներու բորբոքումներ:
2- Ջղային համակարգի հիւանդութիւններ (ուղեղի կաթուած, եւ այլն):
3- Այլազան դեղեր:
4- Միզուղիներու մէջ գտնուող արգելքներ (քարեր, մեծցած շագանակագեղձ, միզամանի իջուածք, ուռուցքներ):

դ- Միզամանի իջուածք:
ե- Շագանակագեղձի հիւանդութիւններ:
զ- Միզուղիներու քաղցկեղներ:

Մանրամասնելով միզային անզսպութիւնը` տոքթ. Թաշճեան ներկայացուց չորս տեսակները.

ա- Լարուածութեան կամ ճնշումի միզային անզսպութիւն:
բ- Ստիպողական միզային անզսպութիւն:
գ- Խառն միզային անզսպութիւն:
դ- Արտահոսքային միզային անզսպութիւն:

Ի՞նչ կրնան ըլլալ միզային անզսպութեան ժամանակաւոր պատճառները: Դասախօսը թուեց հետեւեալները.

1. Ալքոլի օգտագործումը:
2. Մեծաքանակ հեղուկներու օգտագործումը:
3. ՔաՖէինի օգտագործումը:
4. Միզամանի գրգռուածութիւնը:
5. Այլազան դեղերը:
6. Միզային բորբոքումները:
7. Փորկապութիւն կամ պնդութիւն:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան ներկայացուց նաեւ այն երկարատեւ պատճառները, որոնք առիթ կը ստեղծեն միզային անզսպութեան:

1. Յղութիւն եւ ծննդաբերութիւն:
2. Տարիքային փոփոխութիւններ:
3. Արգանդի վիրահատական հեռացում:
4. Շագանակագեղձի բորբոքում եւ ընդլայնում:
5. Միզամանի քարեր եւ քաղցկեղ:
6. Ջղային համակարգի հիւանդութիւններ:
7. Այլազան ուռուցքներ:

Ին՞չ են այն գործօնները, որոնք կը նպաստեն միզային անզսպութեան:

ա. Իգական սեռի պատկանիլը:
բ. Տարիքը:
գ. Ծանր կշիռքը եւ գէրութիւնը:
դ. Ծխախոտի օգտագործումը:
ե. Այլազան հիւանդութիւններ (Շաքարախտ):

Միզային անզսպութեան ախտանշաններու մասին խօսելով` տոքթ. Էլի Թաշճեան նշեց, որ անոնք կախում ունին միզային անզսպութեան տեսակէն:

– Լարուածութեան կամ ճնշումի միզային անզսպութեան պարագային մէզը փախցնելու երեւոյթը կը պատահի հազի, փռշտոցի, խնդալու, Ֆիզիքական աշխատանքի կամ ծանրութիւն շալկելու պարագային:
– Ստիպողական միզային անզսպութեան պարագային, այդ կը պատահի յանկարծակի, նոյնիսկ գիշերուան քունի ընթացքին:

Ի՞նչ են այն քննութիւնները, որոնք պէտք է կատարուին միզային անզսպութեան պարագային:

– Արեան եւ մէզի քննութիւն:
– Գերձայնային հետազօտութիւն:
– Շողանկարում:
– Հեռադիտակով հետազօտութիւն:
– Մէզի հոսքի ժապաւէնային հետազօտութիւն:

Վերջին բաժինով տոքթ. Էլի Թաշճեան ներկայացուց բուժման տարբեր միջոցները, որոնք խմբուած են հետեւեալ ձեւով.

ա. Այլազան դեղեր:
բ. Վիրահատութիւն:

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Թաշճեան տարբեր օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES