Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ Տիգրան Տատրեանի Ցուցահանդէսի Բացում Եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-Ի Շքանշանով Պարգեւատրում

Երէկ` հինգշաբթի, 15 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեանի «Յիսնամեայ ստեղծագործութիւն» ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը:

Հաւաքին առաջին խօսքը արտասանեց արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ նշեց, թէ Տատրեան սրամիտ, պերճախօս եւ զուարճախօս անձնաւորութիւն մըն է, սակայն այս գիծերուն մէջ գոյութիւն ունին խորք եւ արժէք:

Հերկելեան շեշտեց, որ Տատրեանի գործերը կ՛արտայայտեն ստեղծագործողին տագնապները, թռիչքը, տխրութիւնը, շարժումները, զգացումները, եւ այս բոլորը ուղղակի ազդեցութիւն ունին գործին վրայ:

Ան հաստատեց, որ Տատրեան իր ստեղծագործութիւններով օտար արուեստագէտներուն վրայ իբրեւ ոճ ունեցած է մեծ ազդեցութիւն: Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան նաեւ շեշտեց, որ այս ու նմանօրինակ ցուցահանդէսներ լաւագոյն առիթներն են մեծերը ծանօթացնելու եւ զանոնք մեծարելու:

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ Տիգրան Տատրեան ունեցած է աւելի քան յիսնամեայ վաստակ: Հաւաթեան ըսաւ, որ առ ի գնահատանք արուեստագէտի մեծ ներդրումին, ցուցասրահի տնօրէնութիւնն ու վարչութիւնը դիմած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` մեծարելու Տատրեանը:

Այս առիթով իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ շեշտեց, թէ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը արուեստագէտներուն ու անոնց գործերուն հետ հաղորդակցելու լաւագոյն միջոցն է: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ բարձրորակ արուեստը մտքի ու հոգիի խաղաղութիւն կու տայ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը նաեւ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը զինք լիազօրած է Տատրեանը պարգեւատրելու «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով` գնահատելով արուեստագէտին բազմամեայ մշակութային, կրթական եւ դաստիարակչական գործունէութիւնը:

Գեղամ արք. Խաչերեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ ունի իր ինքնուրոյն աշխարհը, ինչպէս որ է Տատրեանինը: Ապա տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնը:

Իր կարգին, գեղանկարիչ Տիգրան Տատրեան ըսաւ, որ ինք երբեք չէ ուզած մէկու մը նմանիլ, այլ` միշտ ապաւինած է արուեստասէրի դատողութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ հիներն ու նորերը սիրեն արուեստը, քանի որ ստեղծագործութիւնը գոյատեւման երաշխիք է: Տատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին, որ կը շարունակէ իր ազնիւ առաքելութիւնը: Աւարտին, նաեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեան:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 31 վերացական ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւր գործ ունի իր յատուկ երանգներն ու արժէքը` թարգմանը հանդիսանալով արուեստագէտի ներաշխարհին:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 31 մարտ 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

Share this Article
CATEGORIES