50 Տարի Առաջ ( 17 մարտ 1962 )

Ազգային Կեանքը Թրիփոլիի Մէջ

(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Շրջանիս Օգնութեան խաչի մասնաճիւղին կազմակերպած պարանցիկ երեկոյթը, որ տեղի ունեցաւ 24 փետրուար շաբաթ երեկոյեան, Մինայի «Յունաց Հերմէս» ակումբը, շատ յաջող էր:

Ներկաներու ստուար բազմութիւն մը յառաջացեալ գիշերին, ծայր աստիճան խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ցրուեցաւ սրահէն:

Գործունեայ մասնաճիւղ մը, որ իր հմայքին ուժով կրցած է ստեղծել լայն ժողովրդականութիւն: Վարչութիւնը այս ձեռնարկով շնորհաւորութեան կ՛արժանանայ` նիւթական թէ բարոյական զոյգ մարզերու մէջ իր ձեռք բերած յաջողութեանց համար:

Կազմակերպչական տեսակէտէ, պատշաճութեան գետնի վրայ` օրինակելի: Զոհողութեան ճամբուն մէջ` գնահատելի:

***

Քաղաքիս Համազգայինի մասնաճիւղին կենսունակութիւնը դրսեւորող եւ նոր պատրաստուած, լուրջ ձեռնարկներու եռամսեայ ծրագրի մը առաջին արտայայտութիւնը եղող, Վարդանանց տօնակատարութեանց առթիւ կազմակերպուած վիճաբանական ասուլիսը` նիւթ ունենալով  «Քրիստոնէութեան բերած նպաստը հայ պետական կեանքին», ծայր աստիճան հետաքրքրական էր:

Կիրակի, 4 մարտի երեկոյեան 8:30-ին, հոծ բազմութիւն մը, մաս մը ոտքի մնալու իսկ գնով, խուժած էր «Նաւասարդ» ակումբի սրահը, ճիշդ ժամանակին, իր ակնկալութեանց մէջ վստահ, քանի որ շարք մը յաջորդական ձեռնարկներու մէջ Համազգայինը կրցած էր տալ իրենց պահանջուածը` լրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ:

Երեկոյթին բացումը կատարեց Համազգայինի վարչութեան ատենապետուհի Անգինէ Չոլաքեան, որ նախ ունկնդիրները հրաւիրեց լսել Լիբանանի քայլերգը` յոտնկայս: Ա. պաս ներկայացուց երեկոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերող անդամները` Սեդրակ Աֆարեան դէմ արտայայտուող, Յովհաննէս Պետրոսեան, թեր: Նախագահ Շաւարշ Թորիկեան, դատաւորներ` Երուանդ Փամպուքեան եւ Լեւոն Շէմմասեան: Զեկուցանող` Յակոբ Հապէշեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Վարդանանց ճակատամարտը, զայն կանխող եւ անոր տուն տուող բոլոր վիճակներն ու պատճառները պարզաբանելով:

Յարգելի նախագահը առաջին իսկ առթիւ, որպէս անհրաժեշտութիւն, թելադրեց եւ խօսողներու ուշադրութեան յանձնեց նիւթէն չշեղելու պարագան: Ապա, հրաւիրեց Ս. Աֆարեանը: Ան, կարճ սակայն բաւական պատճառաբանուած տուեալներով փաստեց, որ քրիստոնէական կրօնը եթէ ոչ վնաս, գոնէ օգուտ չէ բերած հայ պետական կեանքին:

Յ. Պետրոսեանը խօսեցաւ աւելի երկար, ընդհանրապէս ընդհանրական ճամբով` պանծացնելով քրիստոնէութիւնը իր կատարած դերով. յառաջադէմ մարդկութեան կեանքին մէջ, մշակութային, ընկերային եւ նկարագրի կազմութեան գետնի վրայ:

Յարգելի նախագահը անգամ մըն ալ հրաւիրեց խօսողները, որոնք կարճ եւ որոշեալ ժամանակի մէջ` նոր տուեալներով զօրացած, ընդդիմախօսեցին իրարու:

Համաձայն եղած յայտարարութեան, խօսք տրուեցաւ նաեւ ներկաներուն: Ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն. եղան հարցումներ եւ կատարուեցան անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ: Ապա, դատական կազմը առանձնացաւ:

Այդ առթիւ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` համապատասխան օրուան ոգիին: Մեներգեցին Սոնա Շամլեան եւ Յակոբ Սարգիսեան, նուագեց Վազգէն Հապէշեան:

Դատական կազմը, մինչ այդ, իր աշխատանքը աւարտած, վերադարձաւ սրահ:

Յարգելի նախագահը, դատական կազմի անունով շատ լուրջ եւ խնամուած խօսքերով մեկնաբանելէ ետք օրուան նիւթը, յայտնեց, թէ նախապատուութիւն կը տրուի Ս. Աֆարեանի աւելի փաստերու վրայ հիմնուած պատճառաբանութեանց, թէեւ նոյնքան եւ արդարօրէն գնահատեց նաեւ Պետրոսեանի տարած աշխատանքը եւ ստեղծած խանդավառութիւնը:

Ա. Չոլաքեանի շնորհակալութեանց խօսքէն ետք, ուղղուած երեկոյթին իրենց բաժինը բերող անդամներուն, ժողովուրդը ցրուեցաւ շատ խանդավառ տրամադրութեամբ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES