Թագաւորական Պալլէն

Երբ քամպոտիացի պարուհիները բեմին վրայ կը յայտնուին, անոնց ետեւը գտնուող Անկքորի պալատը կը լուսաւորուի եւ կը փայլփլի: Հազար տարիներ ետք անոնք վայրի անտառին մէջ կը վերակենդանացնեն ափսարաներուն թագաւորական պարը:

Կարծէք պարուհիները ջուրին մէջէն դուրս կ՛ելլեն…

Ըստ աւանդութեան, ովկիանոսին մէջէն ծնան ափսարաները` «ջուրին վրայ քալող կիները»: Անկքորի պալատին մէջ հարիւրաւոր քանդակներ կը ներկայացնեն այս աստուածային էակները եւ կը ներշնչեն պարուհիներուն շնորհալի տարբեր կեցուածքները:

* * *

Ափսարաներու պարը երկար ժամանակ եղած է գերբնական վայելչութեան եւ գեղեցկութեան խորհրդանիշը: Սակայն 20-րդ դարու վերջաւորութեան ան անհետանալու վտանգի տակ կը գտնուէր, երբ երկրին մէջ տիրող մենատիրութիւնը ուզեց բնաջնջել Քամպոտիոյ անցեալին բոլոր հետքերը: Բազմաթիւ պարուհիներ մահուան դատապարտուեցան: Վերապրող պարուհիները որոշեցին իրենց արուեստը փոխանցել կարելի եղածին չափ մեծ թիւով աշակերտներու: Այս ձեւով, այս պարը դարձաւ այժմու Քամպոտիոյ հպարտութեան հիմնական երեւոյթներէն մէկը:

* * *

Բազմաթիւ դպրոցներ բացուեցան Քամպոտիոյ մէջ: Կռնակնին կամարաձեւ բռնած, մատներնին բաց եւ ոտքերնին ճիշդ հեռաւորութեան վրայ դրած, երիտասարդ պարուհիները անդադար փորձեր կը կատարեն իրենց պահանջկոտ ուսուցիչներուն ներկայութեան: Համբերատար  եւ տոկուն այս երիտասարդուհիները տասը տարի պիտի անցընեն` սորվելով երկրին դասական պարը հանդիսացող մօտաւորապէս հիմնական 4000 տարբեր կեցուածքները:

* * *

Երկար փորձերէն ետք կու գայ պատրաստութեան ժամանակը. պարուհիները բծախնդրօրէն կը դիմայարդարուին, կը դնեն ծանր ապարանջաններ, կը հագուին շքեղօրէն զարդարուած տարազները… Այս ամբողջ արարողութիւնը կը յիշեցնէ, թէ այս պարը սկիզբի շրջաններուն կրօնական պար մը եղած էր: Այս ձեւով ան երկար  ժամանակ միայն թագաւորներուն կը ներկայացուէր պալատի պատերուն մէջ, հետագային բոլորին մատչելի դառնալէ առաջ:

 

Լուրեր Աշխարհէն

– 8 տարեկանին ամերիկացի Հարլի Ճորտըն արդէն իր անձնական ընկերութեան գլուխն է: Անոր մայրը նոյնիսկ իրեն մօտ կ՛աշխատի:

Անոր կը կանչեն «գնդիկներու թագաւորը»: Հարլիի համար այս գնդիկները պարզ խաղալիքներ չեն, այլ հաւաքածոներ կազմելու իսկական առարկաներ:

Այս ձեւով է, որ ան կրցած է իր հարստութիւնը հաւաքել: Իր հաւաքածոյին ամէնէն հազուագիւտ գնդիկները կ՛արժեն 1000 տոլար:

 

– Հարաւային Ամերիկայի Փաթակոնիի շրջանին մէջ, ոստիկանները կրցած են սառնարան փոխադրակառքով փախուստ տուող գողեր ձերբակալել: Անոնք փոխադրակառքին մէջ գտած են… աւելի քան 1000 տարեկան 5 թոն սառոյց: Այս սառոյցը գողցուած էր շատ հին սառնակոյտի մը վրայէն. ան կ՛արժէ 5000 եւրօ: Այս սառոյցը պիտի գործածուէր պարզապէս խմիչքի յատուկ սառոյցի կտորներ շինելու համար:

– Ամերիկեան «Ինթէլ» ընկերութիւնը ներկայիս փորձեր կը կատարէ Շիքակօ քաղաքին մէջ ցրուիչ յատուկ մեքենաներու վրայ. նպատակը` ուտելիք հայթայթելն է` իրեն համապատասխանող յաճախորդին:

Այս ձեւով «Ճէլ-օ թէմփթէյշըն» ձրիօրէն կը հայթայթէ նոր անուշեղէնի մը նմուշներ:

Սակայն ան չի բաժներ բոլորին: Միայն չափահասներուն: Ինչպէ՞ս կ՛ընէ ան: Ցրուիչ մեքենան օժտուած է յատուկ տեսախցիկով մը (քամերա), որ կրնայ ճանչնալ եթէ իր դիմացինը փոքրիկ մըն է, թէ` չափահաս մը:

Եթէ ան տարիքով փոքր է, մեքենային վրայ պիտի երեւի պզտիկ թելադրանք մը, որ անոր քաղաքավարօրէն, բայց պնդելով, պիտի խնդրէ ձգել եւ հեռանալ…

 

Հարցարան

 Ճի՞Շդ Թէ Սխալ

1.- Շէվրոլէ ինքնաշարժի Նովա տեսակը շատ քիչ թիւով ծախուեցաւ սպաներէն խօսող երկիրներուն մէջ… Որովհետեւ «Նովա» սպաներէնով կը նշանակէ «չ՛աշխատիր»: Ճ/Ս

2.- Ընձուղտին ձագուկը այնքան զօրաւոր եւ այնքան աշխուժ է, որ ան կրնայ իր մօրմէ աւելի արագ վազել, իր ծնունդէն երեք օր ետք արդէն: Ճ/Ս

3.- Երբ արձան մը կը ներկայացնէ իր չորս ոտքերը գետին դրած ձիու մը վրայ նստած ձիաւոր մը, ասիկա կը նշանակէ, թէ ձիաւորը մահացած է պատերազմի դաշտին վրայ: Ճ/Ս

4.- Հնդկաստանի մէջ, խաղալու քարտերը քառանկիւն չեն, այլ` կլորակ: Ճ/Ս

5.- Թօլթէքները Ք. Ե. 9-րդ դարուն Մեքսիքայի կեդրոնը ապրող ժողովուրդ մը) տախտակէ սուրերով կը կռուէին: Անոնք չէին ուզեր, որ իրենց թշնամիները մեռնէին կռիւի ընթացքին: Ճ/Ս

 

6.- Ճոն Ուալվըր հնարած է լուցկին: Սակայն ան իր այս գիւտը չէ արձանագրած, որովհետեւ ան չէր մտածեր, թէ իր գիւտը կրնայ նման յաջողութիւն ունենալ: Ճ/Ս

7.- Անգլիացի զօրավար Ուիլի Ճի. Ճիփ հնարած է Ճիփ ինքնաշարժը: Ճ/Ս

8.- Արեւը աստղ մըն է: Ճ/Ս

9.- Փիեռ Փոլ Րուպէնս, նշանաւոր գեղանկարիչը կապիկ մը կը պահէր իբրեւ ընտանի անասուն: Ճ/Ս

10.- Չինական նշանաւոր համայնագիտարանին երրորդ տպագրութիւնը լոյս տեսաւ 1700 թուականներու շուրջ. անիկա կը կազմուէր աւելի քան 5000 հատորներէ: Ճ/Ս

11.- Սիկարը արեւմտեան աշխարհ հասաւ Ամերիկայի գտնուելէն ետք: Քոլոմպոսը Ամերիկա հասնելէն առաջ արեւմտեան մշակոյթին մէջ սիկարը տակաւին անծանօթ էր: Ճ/Ս

12.- Ամէնէն բարձր արագութիւնը, որուն կրցած է հասնիլ երկրային փոխադրիչ մեքենայ մը, ժամական 1000 քմ. է: Ճ/Ս

13.- 1973 թուականին ֆրանսական անձնական կենդանաբանական պարտէզի մը մէջ մեռած է քոնտոր թռչուն մը (անգղի տեսակ)… ան 102 տարեկան էր: Ճ/Ս

14.- Կապոյտ կէտը կը կշռէ 30 փիղի չափ: Ճ/Ս

15.- Փիրանայ ձուկերուն սուռ ակռաները կարգ մը բնիկ ժողովուրդներու կողմէ կը գործածուին նետեր, նիզակներ շինելու համար: Ճ/Ս

16.- Կովերը ուիլի կաթ կու տան երբ երաժշտութիւն մտիկ կ՛ընեն: Ճ/Ս

17.- Կատուաձուկի փասթէնակ տեսակը բնաւ չի կրնար տեսնել իր կերածը: Անոր աչքերը կը գտնուին մարմնին վերի բաժինին վրայ, իսկ բերանը տակի բաժինին վրայ: Ճ/Ս

18.- Բոլոր թանկագին քարերը նոյն արժէքը չունին: Այս ձեւով, օրինակի համար շափիւղան աւելի արժէքաւոր է, քան` սուտակը: Ճ/Ս

19.- Կոկորդիլոսները քարեր ունին իրենց ստամոքսին մէջ. անոնց շնորհիւ է, որ անոնք իրենց ուտելիքը կը տրորեն աւելի արագ մարսելու համար: Ճ/Ս

20.- Մօլա մօլան զովացուցիչ ըմպելի մը չէ: Ան ձուկ մըն է, որ աւելի քան 5 միլիոն հաւկիթ կ՛ածէ: Ճ/Ս

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել ոսկորին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր նկարի եւ վերի ձախ անկիւնի նկարին միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ի՞նչ շարքով պիտի հանես այս քանակները` միշտ նախ ամէնէն վերը գտնուող քանակը հանելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

1-ճ, 2-ս, 3-ս, 4-ճ, 5-ճ, 6-ճ, 7-ս, 8-ճ, 9-ս, 10-ճ, 11-ճ, 12-ճ, 13-ճ, 14-ճ, 15-ճ:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES