Եղբօրս Վարուժ Սարաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Մինակ էիր դուն, Մինակ ենք եւ մենք

Այս որոշումն ալ մինակդ առիր
Աշխարհիկ սուրբի նման ուզեցիր մաքրուիլ
Ամէն ձեւի աղտեղութենէ
Ան-հրաժեշտ մեկնումովդ անժամանակ
Կտակեցիր
Ե՛ւ ափսոսանք ե՛ւ յիշատակ եւ զղջում
Իսկ մենք` անզօր ենք որ մեր նուիրումը բաւարար չեղաւ քեզի
Իսկ մենք` անտէր ենք որ մեր տիրութիւնը ապաւէն չեղաւ քեզի

Ըսիր թէ կշտացած ես կեանքէն

Մեկնած ես արդէն կշտացած` բայց ոչ լիացած
Քու հոգիի բարութիւնն ու անկեղծութիւնը
Սխալ արձակուած նետի նման վերադարձան քեզի
Կանգնեցնելով սիրտդ երբ մարմինը առողջ էր դեռ
Որ մերժեց կրկին բաբախել եւ լռեց ընդմիշտ

Կեանք մըն էր քուկդ
Արագ, անսակարկ, եզրակացուած`
Նման բոլոր արագ ապրողներուն
Եւ կանխահաս մեկնողներուն

Մի գուցէ բացատրելի այնուամենայնիւ նաեւ մերժելի.
Մի գուցէ ըմբռնելի միաժամանակ անհակակշռելի

Կորսուող կեանքի մը փնտռտուքին մէջ
Յոյսի ճանապարհը կարճ է կամ անել,
Անցեալն աւելի իրական քան ապագայացող ներկան, Ինքնախաբէութիւնը` բացառուած. փրկութիւնը`
Յաւիտեան բացակայութեան կամ`
Ամբողջական հրաժարումներու մէջ

Ընդունեցիր ամէն տեսակի  զրկանք
Քաջութեամբ ու ներհուն ինքնամեկուսացումով, քեզ սիրողներու
Բացակայութեան եւ ներկայութեան

Ներկայ ե՞ս արդեօք բայց լուռ ես նաեւ
Գո՞հ ես  կամ խաղա՞ղ, անդորր ու դաշն
Ծրագիրներդ` սպիտակ թերթեր
Գրուած մելանով թափանցիկ յստակ
Եւ խորհրդաւոր եւ խորախորհուրդ
Բայց Անկախ Հայաստանով եւ Արցախով
Անարձագանգ յանձնառութեամբ մը հպարտ

Մեզի համար այն տղան ես տակաւին որ գիտէր
վերջին լուման ծախսելով
Վիզին շղթան ծախելով մոսին գնել ու զինուիլ
Իբրեւ պահակ պահապան հայ թաղերու ի պաշտպան

Եօթանասութ թիւ, ութօրեայ քսանչորս եօթի վրայ հսկողութիւն
Պուրճ Համուտի Շամլեան Թաթիկեան կեդրոն

Եօթանասունչորս թիւ, Երիտասարդական մասնաճիւղի հիմնում
Ի Պուրճ Համուտ անուանում Արշաւիր Շիրակեան մկրտութեամբ ու
Ծառայութեամբ եւ Վարուժի եւ Վարդանի եւ Սագոյի եւ բոլորին այն բոլորին այն բանակին հազար հազար եւ ուսանող եւ աշխատող

Երէց նորընծայ բոլորն են ներկայ
Պուրճ Համուտն է սա թէ հնո՞ց Կարսի

Այսպէս ապրեցար…

ԷԼՕ ՍԱՐԱՃԵԱՆ-ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES