Յունաստանի Ելեւմուտքի Նախարարը Հրաժարեցաւ

Էւանկելոս Վենիզելոս

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի ելեւմուտքի նախարար Էւանկելոս Վենիզելոս «Ալֆա» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ որոշած է լքել իր պաշտօնը:

Վենիզելոս մտադիր է քաղաքականութեամբ զբաղիլ: Ան Համայունական ընկերվարական շարժումի (ՓԱՍՕՔ) նախագահի միակ թեկնածուն կը նկատուի: ՓԱՍՕՔ-ի ղեկավարի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 18 մարտին:

Վենիզելոս յայտարարած է, որ նոր նախարարի անունը արդէն շրջանառութեան մէջ դրուած է, սակայն այդ մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ փոխանցած:

Ան կուսակցութեան ղեկավարի միակ թեկնածուն դարձաւ այն ժամանակ, երբ անոր երկու մրցակիցները չստացան կուսակցականներու աջակցութիւնը:

Վենիզելոսի կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու առաջադրուիլը նկատուած է մարտավարական քայլ մը, որուն օգնութեամբ ընկերվարականները պիտի կարենան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրել:

 

Share this Article
CATEGORIES