Ըստ «Քոմերսանթ»-ի Միացեալ Նահանգներն Ու Իսրայէլը Կը Պատրաստուին Ապրիլին Իրանը Հարուածելու
Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ ապրիլին կրնան Իրանը հարուածել: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հասկցուցած է, որ Իրանի հիւլէական խնդիրին շուրջ վեց միջնորդներու յաջորդ ամիս կայանալիք հանդիպումը Իրանի համար «վերջին կարելիութիւնն է»: Աւելի՛ն. Քլինթըն Լաւրովէն խնդրած է Իրանի իշխանութիւններուն փոխանցել Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը:
Թերթը կը գրէ, որ այժմ ռուս դիւանագէտները` խօսելով Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ հարուածին մասին, անորոշ «եթէ»-ի փոխարէն կը նախընտրեն օգտագործել «երբ» եզրը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը օրաթերթին յայտնած է, որ «ներխուժումը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ տարեվերջ»:
«Իսրայէլացիները Օպաման շանթաժի կ՛ենթարկեն` զայն դնելով հետաքրքրական դրութեան մէջ, կա՛մ ան պէտք է պատերազմին աջակցի, կա՛մ զրկուի (հրէական լոպիի) աջակցութենէն», ըսած է աղբիւրը:
Բայց եւ այնպէս, ռուս դիւանագէտները տակաւին ապրիլեան հանդիպումին մասին իբրեւ «վերջին կարելիութիւն» չեն խօսիր: «Երբեք վերջին կարելիութիւն չ՛ըլլար: Ամէն ինչ հիմնուած է քաղաքական կամքի վրայ, եւ Ռուսիան կարելին կ՛ընէ, որպէսզի այդ կամքը չջնջուի, ընդհակառակն` ամրապնդուի», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքօ:
Ան կոչ ուղղած է «այն մարդոց, որոնք թուլութիւն ունին զէնքի նկատմամբ, իրենք զիրենք հաւաքելու եւ աշխատելու խնդիրի դիւանագիտական լուծման ուղղութեամբ»:
Օրաթերթին տուեալներով` պատերազմ չցանկացող Ռուսիան, այնուամենայնիւ, ատոր կը պատրաստուի: