Հունգարիոյ Վարչապետը Եւրոպական Միութիւնը «Գաղութատիրութեան» Յանցանքով Կ՛Ամբաստանէ

Վիքթոր Օրպամ

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան Եւրոպական Միութեան դէմ բուռն յարձակում մը գործելով զայն ամբաստանեց իր երկրին հետ իբրեւ գաղութատիրութեան ենթակայ պետութիւն վարուելու յանցանքով: Ան յայտնեց, որ հունգարացիները «երկրորդ կարգի եւրոպացի քաղաքացիներ պիտի չըլլան»:

Պուտափեշթի մէջ Աւստրիոյ դէմ Հունգարիոյ 1848-ի յեղափոխութեան տարեդարձին նուիրուած բազմամարդ հաւաքի մը ընթացքին Հունգարիոյ պահպանողական վարչապետը յայտարարեց, որ իր ժողովուրդը «օտար ուժերու հրամանին համաձայն պիտի չապրի»: «Մենք գաղութ մը պիտի չըլլանք», ըսաւ ան:

Մէկ օր առաջ Եւրոպական Միութիւնը պիւտճէական մեծ բացին պատճառով Հունգարիոյ ֆինանսաւորումը դադրեցուցած էր: Հունգարիոյ դրամանիշը` ֆորինթը արժէքի սուր անկում կրեց, մինչ երկիրը պարտքերու ճգնաժամ կը դիմագրաւէ: Եւրոպական Միութիւնը սառեցուց յառաջիկայ տարի Հունգարիոյ տրամադրուելիք 495 միլիոն եւրօ գումարով ֆինանսաւորումը, սակայն նշեց, որ Հունգարիոյ պիւտճէական յաւելեալ սեղմումներ կատարելու երեք ամսուան պայմանաժամ մը կու տայ: Ասիկա առաջին անգամն է, որ Եւրոպական Միութիւնը իր 27 անդամներէն մէկուն դէմ պիւտճէական բացի պատճառով նման քայլի մը կը դիմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES