Միացեալ Նահանգներ Ծոցի Մէջ Ուղղաթիռներու Թիւը Կը Բարձրացնեն
«Աւիէյշըն Ուիք» պարբերաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը 2013-ին առաւելագոյն չափով պիտի կրճատէ ծովուն վրայ թռիչքներու ծախսերը: Ի տարբերութիւն 2012-ի` յաջորդ տարի օդային նոր կազմածներ գնելու համար ծախսուող գումարները պիտի նուազին 14.6 միլիառ տոլարով: Բացի ատկէ, Փենթակոնը 3 միլիառ տոլարով պիտի կրճատէ ծովու վրայ թռիչքներու թեքնիք ծառայութեան եւ շահագործման համար յատկացուող գումարները:
Նախատեսուած կրճատումները պիտի դառնան վերջին տասը տարուան մեծագոյն կրճատումները, հակառակ անոր որ նախապէս ալ ծովուն վերեւ թռիչքներու համար կրճատումներ կատարուած են:
1999-2009-ին շուկայի մէջ թռիչքներու ծախսերը պարբերաբար առաջին կամ երկրորդ տեղը գրաւած են Միացեալ Նահանգներու օդուժի ծախսերուն ծիրին մէջ: 2004-էն սկսեալ այդ ցուցանիշը սկսած է նուազիլ, իսկ վերջին քանի մը տարուան ընթացքին ծովուն վերեւ թռիչքներու ծախսերը չեն ընդգրկուած նոյնիսկ քսանեակին մէջ: Խօսքը կը վերաբերի տախտակամածային օդանաւերուն:
Ներկայիս Փենթակոն կը զբաղի ծախսերու կրճատման նախագիծով, որուն ծիրին մէջ յառաջիկայ 10 տարուան ընթացքին զինուորական ծախսերը պիտի նուազեցուին առնուազն 480 միլիառ տոլարով:
Միւս կողմէ, սակայն Միացեալ Նահանգներու ծովուժը յայտարարեց, որ Հորմուզի նեղուցի ռազմավարական շրջանին մէջ լարուածութեան բարձրացման լոյսին տակ, կը մտադրէ Արաբական ծոցին մէջ ականներ վնասազերծող մարտանաւերու, ինչպէս նաեւ ուղղաթիռներու թիւը բարձրացնել:
Միացեալ Նահանգներու ծովուժի հրամանատար ծովակալ Ճոն Կրինըրթ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի մէկ յանձնախումբին յայտնեց, որ ականներ վնասազերծող նաւերու թիւի բարձրացումը նեղուցին մէջ նաւարկումի դէմ սպառնալիքներու աճի հաւանականութեան առաջքը առնելու քայլ մըն է:


