Ռուսիա Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք «Սուրիոյ Բարեկամներ»-ու Խորհրդաժողովին Պիտի Չմասնակցի

«Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Ապահովական
Գօտի Ստեղծելու Հարցը Կը Քննարկենք»

Կ՛Ըսէ Էրտողան

 

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ թուրք քաղաքացիներուն Սուրիայէն Թուրքիա վերադառնալէն ետք, իր երկիրը Սուրիոյ սահմանին վրայ «ապահովական» կամ «արգելակիչ գօտի» ստեղծելու հարցը կը քննարկէ:

Էրտողան Սուրիա գտնուող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց ըստ կարելւոյն շուտ տուն դառնալու եւ ըսաւ, որ յառաջիկայ շաբաթ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը պիտի փակէ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը ինք կ՛որոշէ, թէ ո՛վ երկիրը կը ղեկավարէ, ուստի մեր կարգ մը օտար գործընկերներուն տեսակէտը որեւէ ձեւով արդիւնքի պիտի չառաջնորդէ»` աւելցնելով, որ «այլ երկիրներու` Ասատի իշխանութեան անօրինականութեան մասին կատարած յայտարարութիւնները եւ անոր իշխանութեան հեռացումը պահանջող կոչերը շինիչ հարցեր չեն, որովհետեւ այն սխալ պատգամը կ՛ուղղեն, թէ երկխօսութեան սկսիլը տրամաբանական չէ»:

Պոկտանով յայտարարեց, որ Ռուսիա Պոլսոյ մէջ նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովին պիտի չմասնակցի: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաստատեց այդ լուրը եւ աւելցուց, որ Ռուսիա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցերուն արտաքին միջամտութեան կանաչ լոյս պիտի չտայ:

Ծոցի համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զայանի յայտարարեց, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրները որոշած են Դամասկոսի մէջ իրենց դեսպանատուները փակել` բողոքելով սուրիացի ժողովուրդի սպանութեան եւ ճնշման մէջ սուրիական վարչակարգին մագլցողական քայլերուն եւ զինուորական ընտրանքին հետեւելու վճռակամութեան դէմ:

Նշենք, որ Պահրէյն հինգշաբթի օր յայտարարած էր, որ «Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացման ի տես» իր դեսպանատունը կը փակէ: Սէուտական Արաբիա Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը փակած էր չորեքշաբթի օր: Պելճիքա, Շուէտ եւ Լեհաստան երէկ յայտարարեցին, որ Սուրիոյ մէջ իրենց դեսպանատուները կը փակեն: Անոնք այդպիսով կը միանան Հոլանտայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն:

Թրքական պաշտօնական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Անգարա սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու գաղափարին կը զօրակցի` շեշտելով սակայն, որ իր երկիրը «արտաքին միջամտութեանց չի զօրակցիր, որովհետեւ անոնք հարցերը կը վատթարացնեն»: Ան համոզում յայտնեց, որ լուծումները պէտք է «արաբական եւ շրջանային» ըլլան: Աղբիւրը Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանի` սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու գաղափարը հոյակապ նկատեց:

Թրքական բարձրաստիճան շրջանակներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնած են, որ սուրիական վարչակարգը մէկ անգամէ աւելի փորձած է քրտական եւ ալեւիական յաղթաթուղթերը օգտագործել, սակայն «ձախողեցաւ եւ պիտի ձախողի»: Անոնք նշած են, որ սուրիական վարչակարգը «մեղսակից եղաւ կարգ մը ահաբեկչական բջիջներու ճամբով Թուրքիան թիրախ դարձուցած գործողութիւններու»:

 

Share this Article
CATEGORIES