Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր հօր` Քամալ Ժոմպլաթի սպանութեան 35-րդ տարելիցին առիթով այցելեց անոր դամբարանը, որուն վրայ զետեղեց Սուրիոյ յեղափոխութեան դրօշը:
Ան շեշտեց, որ անհատի մը համար ինքն իր անձին նկատմամբ անկեղծութիւնը անհրաժեշտ է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Գահիրէ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ քարիւղի եւ կազի պեղման սկսելու առումով արձանագրուելիք թերացումին պարագային կառավարութիւնը հաշուետուութեան պիտի կանչուի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց սուրիացիներուն վերջ տալու բռնարարքներուն եւ պատասխանատու մնալու իրենց տագնապը երկխօսութեամբ լուծելու յանձնառութեան:
ԸՍՏ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին, երէկ երեկոյեան Պիքֆայայէն Այն Աար եւ մինչեւ Ալէյ երկարող շրջաններուն մէջ արձանագրուած են երկրաշարժի 20 ցնցումներ` 3 եւ 3,3 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ անդրադարձաւ Դիմադրութեան զէնքին մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն: Ան շեշտեց, որ սէյիտ Նասրալլա կը փափաքի երկիրը առաջնորդել դէպի քաղաքացիական պատերազմ:
ՍՈՒՐԻ ծովափին գտնուած է փճացած միսի հսկայ քանակ մը:
ՊԻԼԱԼ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր յայտնեց, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Իսրայէլի դէմ Հըզպալլայի կողմէ յաղթանակ չարձանագրուեցաւ, այլ պարզապէս Հըզպալլա կրցաւ տոկալ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք պիտի մերժեն ճանչնալ պետութիւն մը, որ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն դիմադրութիւնը պէտք եղած ձեւով չ՛ընդունիր:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Սաքըր Սաքըր երէկ բանակի գաղտնի սպասարկութենէն ստանձնեց Մոհամետ Հուժէյրին, որ ամբաստանուած է էսթոնիացիները առեւանգելու յանցանքով:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր բոլոր գրաւները դրած է սուրիական վարչակարգի տապալումին եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սանձազերծուելիք պատերազմին վրայ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի Աւստրալիոյ մէջ շեշտեց, որ ոմանք կը փորձեն քրիստոնեայ քաղաքացիները գաղթի ենթարկել եւ Լիբանանի բազմազանութիւնը ջնջել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս յայտնեց, որ սենտիքային կողմէ մագլցողական քայլերու դիմելու հաւանականութիւնը մեծ է, եթէ իրենց պահանջներուն գոհացում չտրուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան սեղանին մասնակցելու իմաստով Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումին միակ պայմանը Հըզպալլայի զէնքը լիբանանեան բանակին յանձնելու կէտին քննարկումն է: