«Գործարաններու Ապահովագրուիլը Պայման Է Անոնց Շնորհելու Աշխատանքի Արտօնագիրը» Շեշտեց Նախարար Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ բանող գործարանները կրնան նախարարութենէն արտօնագիրներ ձեռք ձգել, այն պայմանով որ անոնք հրդեհի կամ բնական որեւէ աղէտի պարագային ապահովագրուած ըլլան:
Նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ այդ պայմանը ի զօրու պիտի նկատուի 1 յունիսէն սկսեալ:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ աշխատանքի արտօնագիրներ ստանալու պայմանները արդէն իսկ հրատարակուած են պետական պաշտօնաթերթով:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ նախարարութիւնը այդ պայմանը կը պարտադրէ շնորհիւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն շահերուն եւ քաղաքացիներուն ապահովութեան:
Վ. Սապունճեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ ճարտարարուեստի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապահովագրութեան ընկերութիւններուն եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն միջեւ համագործակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդուի: