Մարքոլլիս Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու Մարքոլլիս, որ նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանած էր Լիբանան, երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մարքոլլիս նշեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ անոնք շարունակած են Կիպրոսի մէջ իրենց սկսած խորհրդակցութիւնները:

Մարքոլլիս կոչ ուղղեց ամրապնդելու լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները եւ շեշտը դրաւ զանոնք շահեկան դարձնելու կարեւորութեան վրայ:

Ապա Կիպրոսի դիւանագիտութեան պետը այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Մարքոլլիս այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ հաստատեց, որ Կիպրոս կրնայ հիմնական դերակատարութիւն ունենալ Լիբանանի ծովային տարածքներու սահմանագծումին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES