Նախագահ Սլէյման Շեշտեց Ապահովութիւնը Խախտող Կողմերը Ձերբակալելու Կարեւորութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց, որ ապահովական ուժերն ու բանակը իրենց ջանքերը բազմապատկեն` պահպանելու համար Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ձերբակալելու յանցագործները եւ զանոնք փոխանցելու համապատասխան դատական իշխանութիւններուն:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Պասիլեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Ժան Ֆարաժը, որ քանի մը օր առաջ ենթարկուած էր գողութեան եւ խոշտանգումի:
Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց այդ արարքները` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է երկաթեայ բազուկով հարուածել օրինազանցները:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է վայելել քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Մըր, որ քննարկեց Լիբանանը յուզող ներքին քաղաքական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի: Քննարկուեցան նախարարութեան կապուած խնդիրներ, որոնց շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ լիբանանցիներուն բնակարաններուն մէջ գործող օտարերկրացի աշխատաւորները պահպանող օրէնքի որդեգրումը: