Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Քաղաքական Խորհուրդի Հերթական Նիստ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդը իր հերթական նիստը գումարեց երէկ երեկոյեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի: Ժողովը քննարկեց շրջանային եւ լիբանանեան վերջին իրադարձութիւնները: Օրակարգին մաս կը կազմէին կառավարութեան հետ կապուած խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Մեթնի եւ Պուրճ Համուտի վերաբերող հարցեր: Ժողովը լսեց նաեւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի զեկուցումը կատարուած աշխատանքներուն մասին:
CATEGORIES Լիբանանեան

