ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՄԻՔԱԹԻԻՆ` ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Տար Էլ Ֆաթուայի ժողովին պահուն

Տար Ֆաթուայի մէջ շաբաթավերջին գումարուեցաւ Իսլամական գերագոյն խորհուրդի ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի եւ ներկայութեամբ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զօրակցութիւն յայտնուեցաւ վարչապետ Միքաթիին` կազմելու պատասխանատու կառավարութիւն մը:

Իսլամական գերագոյն խորհուրդը զարթնումի կոչ ուղղեց աթոռի կռիւ յայտարարող ուժերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցի քաղաքացիին ապահով եւ կայուն կեանք ապահովել` հիմնուելով երկրին սահմանադրութեան եւ առողջ ժողովրդավարութեան վրայ, որովհետեւ անոնք են Լիբանանի մէջ տիրող ազգային համերաշխութեան հիմերը եւ ըստ անոնց է, որ կը յարգուին վարչապետի մը իրաւասութիւնները` քաղաքական իր դերակատարութեան մէջ:

Խորհուրդը նշեց, որ նախապէս Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցած է ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են շարք մը այլ իրադարձութիւններ եւ մշակուած որոշ սկզբունքներ, որոնք ազգային եւ կրօնական բնոյթ ունին: Իսլամական գերագոյն խորհուրդը վերահաստատեց այդ սկզբունքները` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է երկիրը փրկել բոլոր չարիքներէն, որոնք կը սպառնան անոր գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ժողովրդավարական հիմքերուն ու արդարութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն` երկրին համար կերտելով փայլուն ապագայ մը:

Միւս կողմէ, խորհուրդի նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սպառնացող դժուարութիւնները հարթելու ծիրին մէջ, ինք կը գործէ երկրին սահմանադրութեան եւ իրեն տրուած իրաւասութիւններուն սահմաններուն մէջ:

Միքաթի շեշտեց, որ իրեն համար տիրող մթնոլորտը դրական է եւ մաղթեց, որ այդ մթնոլորտը դրական ըլլայ քաղաքական բոլոր կողմերուն համար:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով Միքաթի յայտնեց, որ խորհրդակցութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է յառաջդիմութիւն արձանագրել, «սակայն տակաւին կարելի չէ ըսել, թէ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի՞ է, թէ՞ ոչ», ըսաւ ան:

Միքաթի մաղթեց, որ քաղաքական բոլոր կողմերը գիտակցին իրենց ազգային պատասխանատուութիւններուն, որոնց ծիրին մէջ պէտք է գործակցիլ` կազմելու համար լիբանանցիները գոհացնող կառավարութիւն մը:

 

Share this Article
CATEGORIES