ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆ
Ռումիէի բանտը անցեալ շաբաթավերջին վկայեց քաոսային վիճակ մը` բանտին մէջ բռնկած ըմբոստութեան պատճառով:
Շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Ռումիէի կեդրոնական բանտին մէջ ծագեցաւ բանտարկեալներու հերթական ըմբոստութիւնը, որ սկսաւ իսլամական տարրերու կողմէ:
Ըմբոստութեան պատճառով բանտին մէջ արձանագրուեցաւ քաոսային վիճակ, որուն ընթացքին քանդուեցան բանտին դռներն ու մեծ թիւով ոստիկաններ պատանդ բռնուեցան: Բանտին մէջ նաեւ հրդեհներ բռնկեցան` բանտարկեալներուն կողմէ իրենց հագուստները եւ սաւանները հրկիզելու պատճառով:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողքին լիբանանեան բանակը ապահովական իր օժանդակութիւնները տրամադրեց հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը:
Ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտ իր ուրախութիւնը յայտնեց Ռումիէի ըմբոստութիւնը հակակշիռի տակ առնելու առումով` առանց վիրաւոր մը իսկ արձանագրուելու:
Ան շեշտեց, որ բանտին կացութեան բարելաւումը ունի շարք մը կարիքներ, որոնցմէ են ֆինանսաւորումը, օրինագիծերու մշակումն ու արդարութեան նախարարութեան յաւելեալ ջանքերը:
Պարուտ շեշտեց, որ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա շեշտած է, թէ ինք կրնայ գործադրել բանտարկեալներուն պահանջները:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի
երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Ռումիէ, ուր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ բանտին մէջ տիրած քաոսային կացութիւնը հակակշիռի տակ առնուած է:
Ան շեշտեց, որ իրենք գիտեն բանտին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ լիբանանեան պետութիւնը արդէն իսկ ռազմավարական լուծումներ որդեգրած է` Լիբանանի մէջ բանտերուն կացութիւնը բարելաւելու համար, աւելցնելով, որ այդ լուծումներուն իրագործման համար կարիքը կայ յաւելեալ ժամանակի:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլալով նոր բանտեր շինելու նպատակով պետութիւնը յատկացուցած է 19 միլիառ լ. ոսկի:
Բջիջային հեռաձայններուն եւ թմրանիւթեր պարունակող դեղահատերուն բանտ մտնելուն գծով Ռիֆի յայտնեց, որ յաւելեալ խստութիւն եւ այլ դրութիւններ պիտի որդեգրուին` արգիլելու համար այդ ընթացքը:
Ռիֆի շեշտեց, որ Ռումիէի բանտին ըմբոստութեան պատճառով ոչ մէկ վիրաւոր արձանագրուած է: