«Քուէն Ուժ Է» Հասարակական Շարժումը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն
Երէկ ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան «Քուէն ուժ է» շարժումը սկսաւ իր աշխատանքները Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ:
Շարժումը կը նախատեսէ համաձայնագիրներ կնքել քաղաքացիներուն հետ, որոնք իբրեւ կամաւորներ պիտի հետեւին ընտրութիւններուն ազատ եւ արդար կայացման:
Սակայն ոստիկանները փորձած են խոչընդոտել շարժումին աշխատանքները Երեւանի մէջ` մեթրոյի «Երիտասարդական» կայարանի եւ «Ռոսիա» շարժապատկերի սրահին մօտ:
CATEGORIES Հայկական