Մշակութային Հոգեբանութիւն. Ամէն Ինչ Կախեալ Է Մեր Մտածելու Ձեւէն
Մեր Սխալներուն Մասին Մտածելու Ձեւը Կ՛Որոշէ, Թէ Ինչպէ՛Ս Կրնանք Սորվիլ Անոնցմէ: Ուղեղին Գործունէութեան Վերաբերող Նորագոյն Ուսումնասիրութիւններէն Մեկնած` Մարիա Քոննիքովա «Պիկ Թինք» Կայքին Մէջ Կը Բացատրէ, Թէ Ինչպէ՛Ս Մեր Ուղեղին Ջղային Բջիջները Կը Գործեն Մեր Մտածելու Ձեւին Համաձայն, Անկախ` Մեր Վարուելակերպէն:
Երկար մտածած եմ, թէ մեր անձին մասին մեր կազմած կարծիքները որքա՛ն հզօր կրնան ըլլալ: Մտահոգ եմ այն հարցով, որ թերեւս անգիտակցաբար արգելք կը դնեմ իմ սեփական զարգացումիս, կամ` գէթ իմ փորձառութիւններս կը զարդարեմ այնպէս, որ առիթ չեմ տար առաւելագոյնս օգտուելու անոնցմէ: Օրինակ, կը մտածեմ խելացութեան եւ կատարողութեան մասին եւ ես ինծի հարց կու տամ. արդեօք բոլոր կարողութիւններս ի գործ կը դնե՞մ բան մը սորվելու համար, արդեօք ինքզինքս կը բարելաւե՞մ կարողութեանս առաւելագոյն չափով:
Նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ մտահոգութիւնս արդարացի է, գէթ այս բնագաւառին մէջ: Կը թուի, թէ ուղեղիս մասին իմ կարծիքս կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ նոյնինքն ուղեղիս կարողութեան վրայ` ինքզինք վերահսկելու եւ իր սխալներէն սորվելու մէջ:
Ուղեղին Համար Կարեւոր Է, Թէ Ի՛Նչ
Կը Մտածենք Խելացութեան Մասին
Արդեօք զայն կը նկատենք շարժո՞ւն, թէ՞ անշարժ բան մը:
Տարիներէ ի վեր Քերըլ Տուեք կ՛ուսումնասիրէ խելացութեան մասին երկու տեսութիւններ. տեսութիւններէն մէկը կ՛ըսէ, թէ խելացութիւնը կ՛աճի, միւսը կ՛ըսէ, թէ անիկա ունի իր սեփական անջատ գոյութիւնը: Եթէ կը հետեւիս աճումի տեսութեան, ապա կը հաւատաս, թէ խելացութիւնը շարժուն բան մըն է: Այսինքն, եթէ յաւելեալ ճիգ թափես, շատ աւելի բան կը սորվիս, շատ աւելի լաւ կրնաս կիրարկել սորվածդ եւ շատ աւելի խելացի կը դառնաս: Իսկ, եթէ կը հետեւիս խելացութեան անջատ գոյութեան տեսութեան, ապա կը հաւատաս, թէ խելացութիւնը անշարժ բան մըն է, թէ` որքան ալ ճիգ թափես, խելացութեան մակարդակդ կը մնայ ա՛յն ինչ որ էր, թէ` պարզապէս սկիզբէն քեզի վիճակուած բախտ մըն է անիկա: Տուեք իր կատարած ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին տեւաբար ի յայտ բերած է նոյն երեւոյթը. մեր կատարողութիւնը եւ մասնաւորաբար ձախողութեան հակազդելու մեր վարմունքը մեծ մասամբ կախեալ է այս երկու տեսութիւններուն մեր մօտեցումէն, թէ` ո՞ր մէկուն կը հետեւինք: Աճող խելացութեան տեսութիւնը որդեգրած անձ մը ձախողութիւնը կը նկատէ անկէ բան մը սորվելու առիթ մը, իսկ խելացութեան սեփական անջատ գոյութեան հաւատացող մը զայն կը նկատէ անձկութիւն պատճառող անձնական թերութիւն մը, որ անդարմանելի է: Հետեւաբար, մինչ առաջին տեսութեան հետեւողները իրենց փորձառութենէն կը քաղեն բան մը` զայն կիրարկելու համար ապագայի վիճակներու մէջ, անդին` երկրորդ տեսութեան հետեւողները շատ հաւանաբար ամբողջութեամբ զանց կ՛առնեն զայն:
Նոր ուսումնասիրութիւն մը կատարելով` խումբ մը հոգեբաններ որոշած են ի յայտ բերել, թէ արդեօք հակազդեցութիւններու այս տարբերութիւնը պարզապէս վարուելակերպի՞ հարց է, թէ իրականութեան մէջ շատ աւելի խոր է եւ կը հասնի ուղեղին կատարողութեան մակարդակին: Անոնք չափած են ջղային բջիջներու կողմէ փոխանցուած ելեկտրական այն նշանները, որոնք կը յայտնուին ներքին կամ արտաքին իրադարձութեան մը իբրեւ արդիւնք: Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է համալսարանի ուսանողներու վրայ. անոնց ցոյց տրուած է 5 տառերու շարք մը եւ պահանջուած է անմիջապէս ճանչնալ շարքին մէջտեղը գտնուող տառը: Ցոյց տրուած տառերէն ոմանք նոյնն էին. օրինակ` ՄՄՄՄՄ, իսկ ուրիշներ` տարբեր. օրինակ` ՄՄՆՄՄ:
Թէեւ ճշգրիտ կատարողութեան համեմատութիւնը ընդհանրապէս բարձր էր եւ կը հասնէր 91 առ հարիւրի, սակայն պահանջուած յատուկ աշխատանքին նրբութիւնները այնքա՛ն մանրամասն էին, որ իւրաքանչիւր մասնակցող առնուազն քանի մը սխալ գործած էր: Մասնակցողները իրարմէ կը տարբերէին այն առումով, որ իրենք, մանաւանդ` իրենց ուղեղը, ինչպէ՛ս կը հակազդէր սխալներու: Աւելի՛ն. աճող խելացութեան տեսութիւնը որքա՛ն աւելի տիրական տեղ գրաւէր անոնց մտածելակերպին մէջ, այնքա՛ն աւելի դրական աշխուժութիւն կը ցուցաբերէին ջղային բջիջներու կողմէ փոխանցուած ելեկտրական նշանները` սխալելու պարագային, բաղդատած` ճիշդ կատարողութեան: Եւ որքան աւելի տիրական ըլլար այս դրական աշխուժութիւնը սխալներու պարագային, այնքան աւելի ճշգրիտ արդիւնքներ կ՛արձանագրուէին հետագային:
Ուրեմն ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: Ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, կը թուի, թէ այնպիսի մտածելակերպ մը, որ կը հաւատայ խելացութիւնը բարելաւելու կարելիութեան, հակամէտ է սխալներու դիմաց աւելի յարմարող կեցուածք որդեգրելու, ո՛չ միայն վարուելակերպի, այլ նաեւ ջղաբանութեան իբրեւ արդիւնք: Այլ խօսքով, որքան աւելի հաւատանք խելացութեան բարելաւումին, այնքան աւելի տիրական կը դառնայ մեր ուղեղին մէջ այն նշանը, որ կ՛արտացոլէ սխալներու վրայ գիտակից ուշադրութեան կեդրոնացումը: Եւ որքան աւելի մեծ ըլլայ ջղաբանական այս նշանը, այնքան աւելի լաւ կատարողութիւն մը կը յաջորդէ: Այս միջամտութիւնը մտածել կու տայ, թէ աճող խելացութեան տեսութեան հետեւող անձեր իրականութեան մէջ օժտուած են շատ հիմնական մակարդակի մը վրայ իրենք իրենց վրայ հսկելու եւ հակակշռելու կարողութեամբ: Այսինքն` անոնց ուղեղը շատ աւելի կարողութիւնը ունի հետեւելու իրենց գործած սխալներուն եւ համապատասխան ձեւով ճշդելու իրենց վարուելակերպը: Ասիկա կը վերաբերի սխալներ գործելու պահուն անոնց անդրադառնալու յաւելեալ գիտակցութեան եւ անոնց անմիջական սրբագրումին:
Կը թուի, թէ մեր ուղեղին գործունէութիւնը զգայուն է մեր, այսինքն` իր սեփականատիրոջ մտածելակերպին նկատմամբ, սկսեալ` բան մը սորվելու մեր մօտեցումէն, մինչեւ վերոնշեալ ուսումնասիրութեան տեսութիւններուն եւ ազատ կամքի նման տեսական նիւթերուն: Տարօրինակ կարողութիւնը ունինք մեր ազդեցութեան տակ առնելու մեր ուղեղին գործելաձեւը, լայն տեսութիւններու ծիրէն` մինչեւ մասնայատուկ մեքենական դրութիւններու մէջ, հետեւաբար նաեւ` մեր կատարողութեան, արարքներուն եւ յարաբերութիւններուն մէջ:
Համլէթ Շատոնց Գիտէր
Չեմ կրնար չմտածել Համլէթի մասին: Հաւանաբար ան ամէնէն հռչակաւոր մէկ օրինակն է յաճախակի, գրեթէ ախտագին ներհայեցողութեան եւ ինքնախորհրդածութեան: Մէկը, որ ներհուն գիտակցութիւնը ունէր մտածումի մը եւ անոր յաջորդող իրականութեան միջեւ կապին: Կիլտընսթըռնի եւ Ռոզընքրանցի հետ իր զրոյցին ընթացքին Համլէթ ըսած է հետեւեալ հռչակաւոր խօսքը. «Ուրեմն ձեզմէ ոչ մէկն է, որովհետեւ չկայ բան մը որ լաւ է կամ վատ, այլ մտածելու ձեւը զայն կը դարձնէ այդպիսին»:
Համլէթի համար Դանիան բանտ մըն է, իսկ անոր ընկերակիցներուն համար` աւելի քան ամբողջ աշխարհը: Թէ անոնք ինչպէ՛ս կը տեսնեն այս երկիրը, կ՛որոշէ ինքնին անոր բնոյթը. ոչ էապէս լաւ կամ վատ, այլ` լաւ կամ վատ, համաձայն` իւրաքանչիւրին մտային շրջագիծին մէջ տեղ գտած ըմբռնումին: Խորքին մէջ ասիկա նոյն սկզբունքն է. աշխարհը այն է, ինչպէս որ կը հասկնանք զայն, իսկ անոր մէջ մեր տեղը` ինչպէս որ կ՛երեւակայենք զայն: Եթէ տկար եւ տարեց կը զգանք մենք մեզ, ապա տկար եւ տարեց ենք: Եթէ կը կարծենք, թէ կարողութիւնը ունինք սորվելու, ապա կը սորվինք: Իսկ եթէ համոզուած ենք, թէ դատապարտուած ենք ձախողութեան, ապա մենք մեզ կը դատապարտենք ձախողութեան, ոչ միայն վարուելակերպի, այլ աւելի հիմնական` ջղային բջիջներու մակարդակին վրայ:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ