Մարտիկ Մարտիկեան` Լաւագոյն Մարզիկը Սուրիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մէջ

Մարտիկ Մարտիկեան

Սուրիոյ ֆութպոլի Ողիմպիական խումբը, Ասիոյ ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցած 2012-ի ողիմպիական խաղերուն փլէյ-օֆի մրցումներուն 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մալեզիոյ, ապահովեց 6-րդ հանգրուանին իր տոմսը, ուր պիտի ճակատի Օմանի եւ Ուզպեքիստանի դէմ:

Սուրիոյ կոլերէն երկուքը նշանակեց Մարտիկ Մարտիկեան, առաջինը` 48-րդ վայրկեանին (մեծ քառակուսիէն դուրս), իսկ երկրորդը` 68-րդ վայրկեանին (լոպով): 80-րդ վայրկեանին Սուրիա նշանակեց իր 3-րդ կոլը:

Մրցումէն ետք Մարտիկ Մարտիկեան ընտրուեցաւ օրուան լաւագոյն ֆութպոլիստը եւ յատուկ կերպով պարգեւատրուեցաւ «Սամսունկ» ընկերութեան կողմէ, որ այդ խաղերուն գլխաւոր հովանաւորող ընկերութիւնն է:

 

Share this Article
CATEGORIES