Ճատրակ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւնը

Այսօր` շաբաթ, 17 մարտին, Ժամհուր վարժարանին մէջ կը սկսի Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութիւնը, երբ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի մրցումները:

Եթէ պատահի, որ Ա. հանգրուանի մրցումները կանուխ աւարտին, շատ հաւանական է, որ նոյն օրը տեղի ունենան նաեւ Բ. հանգրուանի մրցումները: Այլապէս, կիրակի, 18 մարտին տեղի պիտի ունենան երեք հանգրուանի մրցումներ:

Ֆետերասիոնին պատասխանատուներուն գործը դիւրացնելու համար կ՛ակնկալուի, որ մասնակցողները ճշդուած ժամուն հոն ներկայ ըլլան, որպէսզի որեւէ ուշացում չըլլայ:

Նշենք, որ ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն է Ժաք Պետրոսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES