Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ Մրցումը Յետաձգուեցաւ
Սկզբունքով, վաղը` կիրակի, 18 մարտին տեղի ունենալիք ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, յետաձգուեցաւ երեքշաբթի, 27 մարտին: Անիկա տեղի պիտի ունենայ ժամը 20:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

