Զոհ Չըլլա՛Նք Անախորժ Անակնկալներու…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, Վիեննայի մէջ ունէի աւստրիահպատակ բարեկամ մը, որ բազմամիլիոնատէր իրանցի պարսիկ էր: Ուսումով` բժիշկ էր, բայց գործով` գորգավաճառ: Հայասէր, զարգացած ու համակրելի անձ էր: Տեղացիի մը հետ ամուսնացած` գթառատ եւ հոգատար հայրն էր իր երեք զաւակներուն:

Երբեմն կը հանդիպէի խանութը: Օր մը անակնկալի բերաւ զիս, երբ ըսաւ. «Վարդապե՛տ, ես գիտեմ, որ դուք ինձմէ շատ աւելի երջանիկ էք…: Նաեւ լաւ գիտեմ, որ թէեւ դրամ չունիք ձեր գրպանին մէջ, բայց եւ այնպէս ուրախ էք եւ ինձմէ շատ աւելի գոհ էք ձեր կեանքին մէջ…»:

Խոր համոզումով եւ յոյժ տխրաշեշտ ձայնով այսպէս խօսողին իմ պատասխանս եղաւ լայն ժպիտ մը` ելած գոհունակ սրտէս եւ ընչազուրկ ապրելակերպէս…:

– Ի՜նչ է, վարդապե՛տ, չէ՞ք պատասխաներ…:

– Շիտակ ես, բարեկա՛մ, ես անձնական դրամ չունիմ, բնա՛ւ, սակայն ճիշդ այս պատճառով` ուրախ եմ, թեթեւ եմ եւ երջանիկ եմ շա՛տ…:

– Վարդապե՛տ, կ՛ըսեմ ձեզի, որ ես ունիմ շէնքեր, ունիմ «քէշ» հինգ միլիոն, եւ խանութին ու պահեստանոցին մէջ ունիմ քանի մը միլիոն արժող գորգերու հաւաքածոյ մը, բայց գոհ չեմ, ուրախ չեմ, քանի կ՛ուզեմ տակաւին աւելի ունենալ դրամ, գիշեր-ցերեկ կը մտածեմ եւ կը մտատանջուիմ, թէ ի՛նչպէս կրնամ դեռ աւելի դիզել հարստութիւն…:

Րոպէ մը կա՛ց, իմ ներաշխարհս յուզումնավառ դարձած է, եւ, հաւատա՛, ամէն յիշելուս` կը մատնուիմ նոյն սրսփուն հոգեվիճակին…: Բայց շարունակե՞մ…: Պատմե՞մ աւարտը…:

Վերի հանդիպումէս ետք` 1979-ի օգոստոսի վերջը, Լիբանան վերադարձայ պաշտօնավարելու համար Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին մէջ, Հազմիէ: Երկու-երեք տարիներ չանցած` իմացայ պատահած մեծ դժբախտութիւնը…:

Զարմիկներ եւ ազգականներ, զորս ազատած-հանած էր Իրանէն, եւ որոնց համար երկու խանութ բացած էր Վիեննայի մէջ, տնտեսական նախարարութեան մատներ էին զինք` իբրեւ «վաշխառու, դրամաշորթ, հարկանենգ ու տուրքափախ վաճառական մը»…:

Անակնկալի բերելով` ոստիկանութիւնը գրաւեր է անոր խանութը, պահեստանոցն ու շէնքերը` միայն յարկաբաժին մը ձգելով ընտանիքին համար: Հոգիէն ու սրտէն կաթուածահար եւ մարմնին մէկ մասով անդամալոյծ` կարճ ժամանակէն մեռեր է տխուր, յուսախաբ, դառնացած, ինչպէս ալ ամէն բանէ տնանկ եւ բոլորէն լքուած…:

Մարդկային ու քահանայական կեանքիս մէջ միշտ առկայ եւ խօսուն մնացած այս դրուագը ամէն տարի տրուպիս կը յիշեցնէ Մեծ Պահքի չորրորդ կիրակիին խորհուրդը, որ մեզի կը ներկայանայ «Տնտեսին» վերտառութեամբ:

Վերի դէպքը հասկնալու համար` կը խնդրեմ քեզմէ, որ բանաս Նոր կտակարանդ եւ կարդաս Ս. Ղուկասի աւետարանէն գլուխ 16, 1-8, 9-13 եւ 19-31 հատուածները: Առաջին կտորին խորագիրն է «Անիրաւ տնտեսը», երկրորդին` «Ոչ մէկը կրնայ ծառայել երկու տէրերուն` Աստուծոյ եւ դրամին (մամոնային)», իսկ երրորդին` «Աղքատ Ղազարոս»:

– Աշխարհիս մէջ մեր ապրած կեանքը թող ապրեցնէ մեզ երկնքին արքայութեան մէջ:

Մեր ժամանակին անցաւորութիւնը թող դարձնէ մեզ անանց Տիրոջ անմահութեան մէջ:

Մեր ամէնօրեայ զբաղումները թող լիացնեն մեզ յաւիտենականութեան զբաղումով:

– Քիչին մէջ մեր հաւատարմութիւնը երաշխիքն է շատին մէջ մեր հաւատարմութեան:

Փոքրին մէջ մեր պարտաճանաչումը գրաւականն է մեծին մէջ մեր պարտաճանաչումին:

Արդարին մէջ մեր յարատեւութիւնը ուղին է յաւերժին մէջ մեր շարունակութեան:

– Մեզի վստահուած բարիքները տնտեսելու ենք Աստուծոյ սիրոյն եւ ընկերոջ օգուտին:

Մեր անյագ դրամասիրութիւնը մեր առնելիք պատուհասն է Սիրոյն արդարութենէն:

Աստուծոյ մեր ծառայասիրութիւնը մեր ազատագրումն է մամոնային ստրկացումէն:

Վերոթուեալ երեք աւետարանական հատուածները մեզի կը թելադրեն հոգեմտաւոր արթնամտութիւնը, որպէսզի չմատնուինք անախորժ անակնկալներու` աստենակա՛ն եւ անդենակա՛ն:

Յիսուս Քրիստոսի` մեր Դաստիարակ-Վարդապետին պատմած առակէն եւ ուսուցումէն իմաստուն ու վճռակամ դարձած` Ս. Ներսէս Շնորհալիին սրտով եւ հայ շարակնոցին մէջ «Աղուհացի չորրորդ Կիրակի»-ին անոր որոշած կանոնէն հնչեցնենք մեր օրհներգութիւնը` վստահելով մեր անձերը յաւերժացնող Աստուածային Նախախնամութեան:

«Դուն իմանալիներուն վերի աշխարհը ստեղծեցիր զօրութեամբ
եւ անոր մէջ տնտես կարգեցիր հրեշտակներուն պետերը,
կ՛օրհնենք անհասանելի զօրութիւնդ:

Դուն, ո՜վ Մեծատուն, տիրապէս ստեղծեցիր երկրորդ աշխարհ մը զգալի
եւ առաջին մարդը տնտես դրիր Եդեմի դրախտին մէջ,
կ՛օրհնենք անհասանելի զօրութիւնդ:

Դուն շինեցիր Քու Եկեղեցիդ բարձրագոյն խորհրդով
եւ ասոր մէջ տնտես կարգեցիր քարոզիչներ ճշմարտութեան Խօսքին,
կ՛օրհնենք անհասանելի զօրութիւնդ:

Տաղաւար Անտանելիին, Կրող էակներս Ազատողին,
Դուն, որ ծնար մարմնով Աստուածը` անմարմին Ծնունդը Հօր,
բարեխօսէ՛ մեզի համար, ո՜վ Աստուածածին Մարիամ»:

 

Այնճար, 13 մարտ  2012      

 

Share this Article
CATEGORIES