«Հորիզոն» Թմրամոլութեան Նախազգուշական Կեդրոնի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ Աշխատանքային Միօրեայ Սեմինար

Կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնին շաբաթ, 17 մարտին,  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային միօրեայ սեմինար`  ներկայութեամբ նշեալ կեդրոնի տնօրէն Յակոբ  Լատոյեանի, «Հորիզոն» գրասենեակի վարչութեան անդամներ Շաղիկ  Խիւտավերտեանի, Սերժ Գալուստեանի, «Հորիզոն» գրասենեակի պատասխանատու  Մարիա Տագէսեանի, թմրամոլութեան նախազգուշական միջոցառումներու մասնագէտներու, բժիշկներու եւ  սեմինարի աշխատանքային մարզերու նիւթերը ներկայացնողներու:

Սեմինարին մասնակցեցան երկրորդական կարգի երկսեռ ուսանողներ` հայկական հետեւեալ երկրորդական վարժարաններէն.

– Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան երկրորդական  վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ  Արսլանեան Ճեմարան, Հայ  աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Ազգային  Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, Ազգային Եղիշէ  Մանուկեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց  վարժարան, ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան երկրորդական վարժարան:

Առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսած այս սեմինարին բացումը «Հորիզոն»-ի վարչութեան  անունով կատարեց Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան,  որ յայտնեց, թէ տարեկան աւանդական սովորութիւն է  համախմբել աշակերտները` զանոնք  օժտելու  համար նորագոյն գիտելիքներով: «Մենք գիտենք, որ դուք բաւական բան գիտէք, բայց այս մարզը իր տարբեր բնագաւառներով փոխանցելիք շատ բան ունի, հոն կան նորութիւններ, որոնցմէ պէտք է տեղեակ ըլլաք», յայտնեց Խիւտավերտեան` նշելով, որ սեմինարին նպատակը կ՛ընդգրկէ երկու առանցքային բաժիններ, առաջին բաժինով` բժշկական ու հոգեբանական գիտելիքներու փոխանցում, իսկ երկրորդ բաժինով` ուսանողներուն մօտ կազմաւորել ու ստեղծել հմտութիւններ` դիմագրաւել կարենալու համար կեանքի փորձանքները: «Խումբերով պիտի աշխատիք, որպէսզի ձեր հոս սորվածը կարենաք ետքը փոխանցել ուրիշներուն», շարունակեց Խիւտավերտեան եւ աւելցուց. «Ձեր գիտելիքը միայն ձեզի համար չէ, պէտք է գիտնանք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր գիտցածը նաեւ ուրիշին փոխանցել, իւրաքանչիւրս գործ ունի ընելիք»:

Ապա ան հակիրճ կերպով ներկայացուց «Հորիզոն»-ի հիմնադրութեան պատմականը, թէ` անիկա հիմնուած է 2006-ին` նպատակ ունենալով  կանխազգուշական միջոցներով դէմ կանգնիլ  թմրամոլութեան երեւոյթին դէմ: «Հորիզոն»-ը  կը կազմակերպէ հանդիպումներ, օրինակ` յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու, թմրամոլութեան զոհ  գացած երիտասարդներու ծնողներուն հետ եւ այլն: «Հորիզոն» գրասենեակի ներկայացուցիչներ ու կամաւորներ նաեւ կ՛այցելեն բանտ: «Գրասենեակի ծրագիրները   բազմազան են, անցեալ տարի կազմակերպուեցան թատրոն,  մրցանք, վարժողական աշխատանիստեր եւ այլն:  Նմանապէս, մօտ ատենէն պիտի ձեռնարկուի  քարոզչական եւ այլ աշխատանքներու», ընդգծեց  Շաղիկ Խիւտավերտեան` այս առիթով կոչ ուղղելով երիտասարդութեան եւ բոլոր անոնց,  որոնք կրնան` կամաւոր կերպով օժանդակելու «Հորիզոն» գրասենեակին, միասնաբար դէմ  դնելու համար թմրամոլութեան երեւոյթին,  որ կը սպառնայ հայ երիտասարդութեան:

Ապա մասնակիցները լծուեցան սեմինարի յայտագիրի գործադրութեան, որուն առաջին նիստը յատկացուած էր խմբային քննարկման`  «Թմրամոլութեան երեւոյթի եւ անոր հետեւանքներու քննարկում» նիւթով`   «Հոգեհանգիստ` երազի մը  համար» (Ռեքուիեմ ֆոր է տրիմ) ժապաւէնին  ընդմէջէն,  ներկայացնող եւ համադրող` Արա  Գաւլագեան:

Սեմինարին երկրորդ նիստը յատկացուած էր  «Տեղեկութիւններու փոխանցում» նիւթին:  Թմրեցուցիչներու գլխաւոր խումբերը, իւրաքանչիւրին ժխտական ազդեցութիւնը մարդկային մարմնին վրայ եւ յառաջացուցած վնասները: Ներկայացնող` Ռիթա Շահինեան:

Ճաշի դադարէն ետք դարձեալ գումարուեցան երկու աշխատանիստեր` հետեւեալ նիւթերով.

«Ընկերային հմտութիւններու զարգացումը  իբրեւ նախապայման` պատանիներու առողջ կազմաւորման», զրոյց-վարժողական աշխատանք: Ներկայացնող`  Ալին  Նագգաշեան:

Չորրորդ ու վերջին նիստը` գործնական աշխատանք «Ի՞նչ ձեւերով կարելի է նախազգուշական աշխատանքներ ծրագրել եւ գործադրել վարժարաններուն մէջ» նիւթին շուրջ: Ներկայացնող եւ աշխատանքային խումբերը առաջնորդող` Իզապէլ  Մաթոսեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES