Եկեղեցւոյ Կառուցման 80-Ամեակին Առիթով Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով երէկ` կիրակի, 18 մարտին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ եկեղեցւոյ տօնը: Առաւօտեան ժամը 9:00-ին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի` Արաքս թաղի մուտքին, ուրկէ թափօրը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի: Տեղի ունեցաւ նաեւ ոչխարի զենում` ի պատիւ սրբազան հօր:

Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ մեր շարականները եկեղեցւոյ տօները նկարագրող պատմուածքներ են` աւելցնելով, որ անոնք տօնին իմաստը, կարեւորութիւնը, ոգին փոխանցող եղանակաւոր խօսքեր են: Առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց քառասուն երիտասարդներու նահատակութեան պատմութեան վրայ` բացատրելով, որ անոնց նահատակութեան վայրը Սեբաստիա քաղաքն էր. հոն 40 երիտասարդ զինուորականներ հռոմէական բանակին մէջ կը ծառայէին, եւ երբ բացայայտուեցաւ իրենց քրիստոնէական հաւատքը հեթանոսական միջավայրի մէջ, եւ հակառակ իրենց հաւատքը ուրանալու գծով ամէն պարտադրանքի եւ սպառնալիքի, անոնք իբրեւ պատիժ նահատակուեցան:

«Սուրբերու կեանքը արձանագրութեան արժանացած է իրենց նահատակութենէն ետք եւ յիշատակութեան արժանացած է յետմահու», հաստատեց սրբազանը` շեշտելով, որ մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք հաւատքին վրայ, որովհետեւ սուրբերը հաւատքի մարդիկ են, հաւատքով սուրբ դարձած են:

Առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց, որ սուրբերուն կեանքերը կը տարբերին իրարմէ, սակայն անոնց խորքը հաւատքն է: «Հաւատքը դաստիարակութիւն է, եւ պէտք չէ զլանանք հայ հաւատքի դաստիարակութենէն, որովհետեւ մեր կեանքի անհրաժեշտ մասն է», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` յայտնելով միաժամանակ, որ եկեղեցւոյ մկրտարանի սենեակը նորոգուած է բարերարութեամբ Յակոբ Լօշխաճեանի: Ան հաստատեց, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հաւատքին ծննդավայրը մկրտարանն է, ուր կը մկրտուինք դառնալով քրիստոնեայ եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Գրիգոր Արապաղլեան: Ան հաստատեց, որ 80 տարի առաջ հաւատք եւ տեսիլք ունեցող խումբ մը նուիրեալներ աշխատեցան, հիմը դրին եւ կառուցեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին: Ան վստահեցուց, որ սոյն եկեղեցին իւրաքանչիւրին համար եղած է հոգեւոր մխիթարութեան եւ յուսադրման աղբիւր: Գ. Արապաղլեան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց թաղականութեան գործունէութիւնը:

Օրուան հանդիսավարն էր թաղական խորհուրդի անդամ Գէորգ Նալպանտեան, որ մերթ ընդ մերթ զուարճալի պատմուածքներով եւ խօսքերով ճոխացուց յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէր գեղարուեստական կատարումներ, ինչպէս` պար, երգ, ասմունք եւ նուագ:

Սիրոյ սեղանի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան յորդորեց ներկաները իբրեւ պարտականութիւն ստանձնելու հայկական արժէքներու պահպանումը: «Հայկականութիւնը միայն անուն չէ, միայն ձեւականութիւն չէ, այլեւ` կեանքի ձեւ է, մտածում է, զգացում է, ապրում է, հպարտութիւն է», եզրակացուց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Share this Article
CATEGORIES